image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր ուժեր կը ներխուժեն Հալէպ. Ամերիկեան գործակալութիւն

Ընդդիմադիր ուժեր կը ներխուժեն Հալէպ.  Ամերիկեան գործակալութիւն

Սուրիացի ապստամբները ներխուժած են Սուրիոյ երկրորդ ամենամեծ քաղաքը՝ Հալէպը, պայթեցնելով երկու ականապատ մեքենայ, բախած են կառավարական ուժերու հետ, յայտնած է Associated Press-ը՝ վկայակոչելով Սուրիոյ ռազմական դիտորդները եւ զինեալները:

Ապստամբներն օրեր շարունակ կը մօտենային Հալէպ քաղաքին եւ ճանապարհին գրաւած են քանի մը քաղաքներ եւ գիւղեր։ Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական խումբը, որ կը հետեւի պատերազմի ընթացքին, յայտնած է, որ ապստամբները ուրբաթ օր պայթեցուցած են երկու ականապատ մեքենայ քաղաքի արեւմտեան ծայրամասին մէջ:

Ապստամբներու հրամանատարը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած է ձայնագրուած հաղորդագրութիւն՝ կոչ ընելով քաղաքի բնակիչներուն համագործակցելու յառաջխաղացող ուժերու հետ:

Սուրիոյ մէջ իսլամիստական ​​խմբաւորումները, այդ շարքին՝ ահաբեկչական թրքամէտ «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»-ը, Հալէպ քաղաքէն արեւմուտք լայնածաւալ յարձակում սկսած է Սուրիոյ բանակի դիրքերու վրայ, որոնք կը վերահսկեն նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր դաշնակից իրանամէտ ուժերը, յայտնած է «Ազատութիւն ռատիոկայան»ը:

Յարձակման ընթացքին կառավարական ուժերը եւ Ասատի դաշնակիցներն օդային հարուածներ հասցուցած են եւ փորձած են կասեցնել ապստամբներու յառաջխաղացումը: Նշուած է, որ ապստամբ խմբաւորումներու յարձակումները, մասնաւորապէս, ուղղուած են շարք մը գիւղերու ու ռազմակայաններու վրայ։

Վերջին տուեալներով՝ զինուած ուժերը կը մօտենան Անատանին։ Այս քաղաքը կը համարուի Ասատի զօրքերու պաշտպանական գիծի կարեւոր հանգոյց։ Այն գրաւելէ ետք ճիհատիստները պիտի կարողանան գրաւել Հրայթան եւ Քաֆր Համախ բնակավայրերը։ Այդ անոնց թոյլ կու տայ առաջ շարժիլ դէպի Հալէպի հիւսիս-արեւմուտք։

Թել Ռիֆաթի եւ Մանպիճի մերձակայքին մէջ թրքական հրետանին մարտական ​​պատրաստութեան բերուած է։ Թրքական բանակը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը պատրաստուի յարձակիլ Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ընդդիմութեան քրտական ուժերու դիրքերու վրայ։

Այն, ինչ տեղի է կ՚ունենայ, կրնայ դառնալ Սուրիոյ մէջ վերջին տարիներու քաղաքացիական պատերազմի ամենանշանակալից սրացումներէն մէկը։

Նշուած է, որ ռազմական գործողութիւններու բռնկումն արդէն իսկ յանգեցուցած է հազարաւոր մարդոց տեղահանութեան, իսկ շարք մը կամաւորական խումբեր ստիպուած եղած են դադրեցնելու իրենց մարդասիրական ծառայութիւնները։

«Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»-ը սիւննի ճիհատական խմբաւորումներու դաշինք է, որ կը կռուի Ասատի վարչակարգի դէմ: Խումբը ստեղծուած է 2017 թուականին «Ալ-Քաիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան տեղական մասնաճիւղի հիման վրայ։