Սուրիական «Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ» սիւննի արմատական խմբաւորման զինեալներն ու անոնց դաշնակիցներն արագ յարձակման ընթացքին գրաւած են Հալէպ քաղաքի տարածքի առնուազն կէսը: Այս մասին յայտնած է Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական խորհուրդը:
Անոր ղեկավար Ապտել Ռահմանի խօսքով՝ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը քաղաքը լքած են գրեթէ առանց դիմադրութեան:
Ատոր հետ մէկտեղ AP գործակալութիւնը հաղորդած է, որ նախօրէին երեկոյեան Հալէպի արեւմտեան ծայրամասերուն մէջ կատաղի մարտեր ընթացած են:
«Անատոլու» գործակալութեան տուեալներով՝ ընդդիմադիր ուժերու զօրքերը Հալէպի կեդրոն մտած են արեւմուտքէն: 10 հազար քաղաքացի փախած են Հալէպէն հարաւ գտնուող Իտլիպ նահանգ։