Հայաստանը լրջօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքը՝ պայմաններ չի ստեղծեր «արեւմտեան ատրպէյճանցիներ»ուն (նկատի ունի ՀՀ տարածքը նախապէս ապրած ատպէյճանցիները-խմբ.) «հայրենիք» (նկատի ունի ՀՀ ինքնիշխան տարածքը-խմբ.) վերադառնալու համար։
Այս մասին «Ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեմայով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար Սամիր Պեճանով։
Անոր խօսքով՝ փախստականներու վերաբերեալ միջազգային փաստաթուղթերն ու նորմերը կ'աջակցին «արեւմտեան ատրպէյճանցիներ»ու իրաւունքներու ապահովման:
«Միջազգային իրաւական փաստաթուղթերը կ'աջակցին փախստականներու վերադարձին ոչ միայն իրենց երկիր, այլեւ այն տարածք, ուր անոնք նախապէս ապրած են, Հայաստանը՝ որպէս իրաւայաջորդ պետութիւն այն տարածքին մէջ, ուր ապրած են արեւմտեան ատրպէյճանցիները, պէտք է ապահովէ անոնց իրաւունքները», - ըսած է ատրպէյճանցին։