image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիական եւ Ռուսական կործանիչները կը հարուածեն ահաբեկիչներու դիրքերը

Սուրիական եւ Ռուսական կործանիչները կը հարուածեն ահաբեկիչներու դիրքերը

Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը եւ Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերը յարձակած են Հալէպ նահանգի արեւելքը գտնուող ահաբեկիչներու դիրքերուն վրայ, ըսուած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է SANA պետական ​​գործակալութեան կողմէ:

«Սուրիական եւ ռուսական օդուժը շարք մը հարուածներ հասցուցած է ահաբեկիչներու կեդրոնացման վայրերուն եւ անոնց շարժման ուղիին Հալէպի նահանգի արեւելքը գտնուող Սֆիրէ գիւղի տարածքին մէջ, որու հետեւանքով տասնեակ ահաբեկիչներ սպանննուած են եւ վիրաւորուած»,- յայտնած են ռազմական գերատեսչութենէն։