Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (Լ.Օ.Խ.) Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղը օրերս նշած է «Կանանց միջազգային օր»ը։ Այս մասին վերահասու կը դառնանք Այնճարի լուրերը տարածող «Մուսալեռ» էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Ուրբաթ, 10 Մարտ, 2023–ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, տեղի ունեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան հանդիսութիւնը, որ ձօնուած էր Արցախի կիներուն:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-Ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Սրահին մէջ տեղադրուած էին “ՋԱՀ” յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած Արցախեան կոթողներու պատկերները, որոնց միջոցաւ ներկաները ծանօթացան մեր արուեստի մշակութային արժէքներուն, որ այժմ բռնագրաուած է թշնամիին կողմէ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ընկերուհի Ռիթա Լագիսեան: Ան արժեւորեց կնոջ յաջողութիւնները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած դերը անցեալի, ներկայի եւ ապագայ ծրագիրներուն յաջողութեան, զորս կ՝ակնկալուի շնորհել գալիք սերունդներուն: Այս գծով ԼՕԽ-ը որպէս կազմակերպուած միաւոր հայամարտի ընդհանուր ծիրին մէջ, գիտակից իր համահայկական դերի տարողութեան, մեծ գործ ունի կատարելիք ապահովելու համար հայ կնոջ մասնակցութիւնը մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ընկերուհին եզրափակեց իր խօսքը շնորհաւորելով կանանց եւ ուսուցչած տօները, պատգամելով ըլլալ միշտ ուրախ, հմայիչ, մաղթելով, որ բարին ու յաջողութիւնը առաջնորդ ըլլան պայծառ օրերուն:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» եկրորդական վարժարանի աշակերտները՝ ասմունքով, նուագով եւ երգով, իսկ օրդ. Մարիա Աբէլեան մեկնաբանեց կանանց նուիրուած երգ մը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց գիւղի վաստակաշատ եւ մշակութասէր ուսուցիչ` Պրն. Յովհաննէս Խօշեան: Ան նախ յայտնեց , որ կանանց միջազգային օրը կը մարմնաւորէ կանանց իրաւունքներու համար սկսած շարժումը: Ապա ներկայացուց կանանց օրուան ծագումը եւ յիշատակի օր նշել 8 Մարտը, որ հետագային աշխարհի քաղաքակիրթ բոլոր երկիրներու կողմէ որդեգրուեցաւ իբրեւ Կանանց Միջազգային Օր:
Յիշեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ Ապրիլ 7-ը կը տօնեն, որպէս «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան» տօն: 2001 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ Մարտ 8֊ը անուանեցին «Կանանց Տօն»:
Ան շեշտեց հայ կնոջ ունեցած դերը սերունդներու դաստիրակութեան մէջ, հայեցի դիմագիծի պահպանումով: Հետագային հայ կինը առիթ ունեցաւ ուսում ստանալու, զարգանալու եւ փայլելու զանազան ասպարէզներու մէջ, որպէս գրողներ, դեսպաններ, գիտնականներ, երեսփոխաններ, նաեւ` ռազմիկ կիներ, որոնք համազուած էին, որ իրենք եւս իրաւունք ունին մասնակցելու հայրենիքի պաշտպանութեան Սուրբ Գործին:
Անդրադարձաւ Արցախցի քաջարի կիներուն, որոնք ձգելով իրենց երեխաները իրենց ծնողքին մօտ, գացին կռուի դաշտ եւ կամքի ուժով սորվեցան զէնք գործածել եւ փրկել տասնեակ զինուորներու կեանքը :
Պրն. Խօշեան շեշտեց, որ հայ կինը կը տարբերի աշխարհի այլ կիներէն, որ կրցած է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններն ու տառապանքները պահելով իր ընտանիքը, կառչած մնալով իր հայրենի հողին եւ հաւատքին:
Ան յիշեց նաեւ ՀՕՄ-ի տարած փրկարար գործը Արցախի շրջափակման այս օրերուն։ Խօսքը ուղղելով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն պատգամեց, որ «դուք կինդանի օրինակն էք հայ կնոջ զոհողութեան, անսակարկ նուիրումին, որ կը ծառայէք մեր ժողովուրդի զաւակներուն":
Աւարտելով, շնորհաւորեց ներկայ տիկիններուն տօնը մաղթելով սէր, երջանկութիւն եւ եզրափակեց ըսելով.֊ “ձեր անկեղծ ու ջերմ ժպիտը ձեր հարազատներուն երջանկութեան գրաւականն է, երջանիկ ու առողջ եղէք, մնացէք գեղեցիկ եւ գարնան կայտառ ժպիտով միշտ ժպտացէք"։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: