Այնճարի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի կազմը ներկայացաւ Պեքայի նահանգապետարան եւ միաձայնութեամբ Այնճարի քաղաքապետ ընտրեց Սեդրակ Հաւաթեանը եւ փոխ քաղաքապետ Շահան Փանոսեանը: Նահանգապետ դատախազ Գամալ Ապուժաուտէ բարձր գնահատեց միաձայնութեամբ կատարուած ընտրութիւնը ինչպէս նաեւ կազմին մէջ իգական սեռի վեց անդամներու ներկայութիւնը:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցով տարածուած հաղորդագրութենէն:
Այնճարի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի կազմը , որ առաջադրուած էր Հ. Յ. Դ. -ի կողմէ , յետ "Կարմիր Լեռ" կոմիտէի և գիւղի հայրենակիցներու առաջարկներուն և խորհրդակցութիւններուն' յաջողած էր արդէն այլ թեկնածուի չգոյութեան պատճառով ։ Այնճարի քաղաքապետութեան
Նորընտիր կազմը, կը բաղկանայ հետեւեալ 18 անդամներէ.-
Սեդրակ Հաւաթեան
Շահան Փանոսեան
Նաթալի Տէր Ստեփանեան- Քէնտիրճեան
Ալին Քէնտիրճեան
Հեղնար Բէնէնեան
Թամար Գէօհիւլեան
Լուսի Շերպեթճեան-Անտոնեան
Շողեր Թիւմպէրեան-Տէքէրմէնճեան
Գալէ Տէր Գալուստեան
Վարանդ Քէօշէեան
Պօղոս Կարօ Քէշիշեան
Միհրան Չափարեան
Պետիկ Լաքիսեան
Հայկազուն Գէորգեան
Դրօ Զէյթլեան
Հրակ Աշգարեան
Վիգէն Քէշիշեան
Ժիրօ Պաթուզեան։
Նորընտիր կազմը,
այսօր` 29 Մայիս 2025 - ի առաւօտեան ժամը 9։30 - ին , շրջանաւարտ քաղաքապետ` ընկ. Վարդգէս Խօշեանի ընկերակցութեամբ, և նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, ներկայացաւ Պեքայի նահանգապետարան ։
Նահանգապետ դատախազ Գամալ Ապուժաուտէի հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ քաղաքապետի և փոխ քաղաքապետի ընտրութիւն' գաղտնի քուէարկութեամբ։
Քաղաքապետական նորընտիր կազմը միաձայնութեամբ Այնճարի քաղաքապետ ընտրեց Սեդրակ Հաւաթեանը եւ փոխ քաղաքապետ Շահան Փանոսեանը։
Նահանգապետը բարձր գնահատեց միաձայնութեամբ կատարուած ընտրութիւնը ինչպէս նաեւ կազմին մէջ իգական սեռի վեց անդամներու ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց Այնճարի նորընտիր քաղաքապետութեան։