image

Մոնթրէալ. Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի Երեւման Սուրբ Խաչի տօնը նշուեցաւ

Մոնթրէալ. Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի  Երեւման Սուրբ Խաչի տօնը նշուեցաւ

Օրերս Սուրբ Խաչի տօնը նշուեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ուր Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց եւ քարոզեց:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, Երեւման Սուրբ Խաչի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց եւ քարոզեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Ս. Պատարագը մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էր՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան։

Իր քարոզին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս վեր առաւ Սուրբ Խաչի խորհուրդը՝ իբրեւ Աստուծոյ անսահման սիրոյն, յաղթանակի եւ փրկութեան կենդանի նշան։ Ան շեշտեց, թէ Խաչը չարչարանքի եւ մահուան գործիք մը չէ, այլ՝ կենսանորոգ հաւատքի աղբիւր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քաջալերեց հաւատացեալները, որ Քրիստոսի Սուրբ Խաչէն զօրութիւն եւ լոյս հայցեն՝ կեանքին փորձութիւնները կրելու համար հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, վերանորոգելու իրենց հաւատքը եւ հետեւելու Խաչեալ Փրկիչին հարթած ուղիին։