image

Պէյրութ. «Հայաստանի Հանրապետութեան օր»ը նշուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ (Լուսանկարներ)

Պէյրութ. «Հայաստանի Հանրապետութեան օր»ը նշուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ (Լուսանկարներ)

Երէկ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը տօնած է Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան անկախութեան օրը՝ Մայիս 28-ը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

27 Մայիս 2025-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը տօնակատարեց Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան անկախութեան օրը՝ Մայիս 28-ը։

Աշակերտութեան ուղղուած իր պատգամին մէջ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ Մայիս 28-ը արտայայտութիւնն է այն մեծ իրադարձութեան, երբ վեց դար օտար լուծերու տակ ապրած հայ ժողովուրդը, իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարիներ ետք, փիւնիկի նման կը յառնէր ու կը կերտէր իր դարաւոր իղձը՝ հայկական անկախ պետականութիւնը։ Նոյն ցեղասպան թուրքին դէմ տարուած Մայիսեան յաղթանակներով` կը ստեղծուէր Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, որ կը վերականգնէր հայ ազգի արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ’ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ։ Մայիսեան յաղթանակները ոչ միայն կը փրկէին Երեւան եւ շրջակայքը խմբուած հայութեան կեանքը, այլ նաեւ արգելք կը հանդիսանային օսմանցի թուրքի դարաւոր երազի իրականացման` հիմնել թուրանական մեծ կայսրութիւն մը։

«Թէեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք մը ունեցաւ, սակայն անիկա հիմք հանդիսացաւ մեր անկախ երկրորդ հանրապետութեան», դիտել տուաւ տնօրէնը։ Հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուայ Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ», շեշտեց ան։

Այս առիթով կայացած աշակերտական հաւաքի բացման խօսքը արտասանեց Ծիլա Գարտաշեան։ գեղարուեստական յայտագիրով, Առաջին եւ երկրորդ դասարանները կատարեցին «Քայլ առ յառաջ», 3րդ եւ 4րդ դասարանները՝ «Հայեր միացէք», իսկ 5րդ եւ 6րդ դասարանները՝ «Արդեօք ովքեր են» երգերը։ 6րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Մայիս 28-ի պատմականը, եւ 7րդ եւ 8րդ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կարմիր , Կապոյտ, Նարնջագոյն» քերթուածը։