image

«Ինչ պատճառներով Ռուսաստան միջամուխ եղաւ Ղարաբաղի հարցին» Փեսքովէն կարեւոր դիտարկում

«Ինչ պատճառներով Ռուսաստան միջամուխ եղաւ   Ղարաբաղի հարցին» Փեսքովէն կարեւոր  դիտարկում

Մեծ երկիրներ նախկինին պէս պատասխանատւութիւն կը կրեն խաղաղութեան համար, «ինչ որ ըրաւ Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կանգնեցնելով պատերազմը»: Այս մասին ռուս լրագրող՝ Վլատիմիր Սոլովյովին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ:

«Մենք ապահովագրուած չենք աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ իրավիճակի հեղեղաձեւ ապակայունացումէն»,-ըսած է ան, մասնաւորապէս, յիշատակելով Մերձտնեսթրը:

Ընդ որում, Փեսքովի խօսքով, մաշտապային պատերազմը բացառուած է, քանի դեռ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի կորիզային hաւասարութիւնը: «Փառք Աստուծոյ, պատերազմը անհնար է, քանի դեռ կայ կորիզային հաւասարութիւնը: Այդ կը փրկէ աշխարհը պատերազմէն: Թէեւ սարսափելի պատերազմներ տեղի կ'ունենան մեր քթի տակ, անոնք կ'առաջանան ուղղակի այդպէս»,-ըսած է Փեսքով: