Մեծ երկիրներ նախկինին պէս պատասխանատւութիւն կը կրեն խաղաղութեան համար, «ինչ որ ըրաւ Փութին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կանգնեցնելով պատերազմը»: Այս մասին ռուս լրագրող՝ Վլատիմիր Սոլովյովին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ:
«Մենք ապահովագրուած չենք աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ իրավիճակի հեղեղաձեւ ապակայունացումէն»,-ըսած է ան, մասնաւորապէս, յիշատակելով Մերձտնեսթրը:
Ընդ որում, Փեսքովի խօսքով, մաշտապային պատերազմը բացառուած է, քանի դեռ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի կորիզային hաւասարութիւնը: «Փառք Աստուծոյ, պատերազմը անհնար է, քանի դեռ կայ կորիզային հաւասարութիւնը: Այդ կը փրկէ աշխարհը պատերազմէն: Թէեւ սարսափելի պատերազմներ տեղի կ'ունենան մեր քթի տակ, անոնք կ'առաջանան ուղղակի այդպէս»,-ըսած է Փեսքով: