image

Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւային շրջանները

Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւային շրջանները

Իսրայէլի ռազմական օդանաւերը դեկտեմբեր 24-ի առաւօտեան օդային հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի Նապաթիէ շրջանի ալ-Նամիրիա բնակավայրին՝ արձակելով քանի մը հրթիռներ։ Այս մասին յայտնած է Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը։

Բացի այդ, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը օդային հարուած հասցուցած են Ուատի Հումին բնակավայրին։

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը նաեւ թռիչքներ կատարած են Տուէյր, Շարքիէ եւ այլ բնակավայրերու վրայ։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը թելեկրամեան իր ալիքով յայտնած է, որ հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւային շրջաններու մէջ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող քանի մը հրթիռային արձակման կէտերու:

«Այս հարուածներու շրջածիրէն ներս Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը ոչնչացուցած է «Հըզպալլա»-ի ռազմական կառոյցները եւ այլ ահաբեկչական ենթակառուցուածքներ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը աւելցուցած է, որ հրթիռային արձակման կէտերու առկայութիւնն Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջև կնքուած համաձայնագրերու խախտում է։

«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի շարունակէ գործել՝ Իսրայէլի Պետութեան դէմ ուղղուած որեւէ սպառնալիք վերացնելու եւ «Հըզնալլա» ահաբեկչական կազմակերպութեան վերահաստատման փորձերը կանխելու համար», - նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ հակառակ «Հըզնալլա»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ 2024 թուականի նոյեմբեր 27-ին կնքուած հրադադարի համաձայնագրին՝ 2024 թուականի նոյեմբեր 27-էն մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբեր 3-ն ինկած ժամանակահատուածին Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ օդային, ցամաքային եւ ծովային խախտումներու ընդհանուր թիւը հասած է 5163-ի։ Յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է 309, վիրաւորուած՝ եւս 598 Լիբանանի քաղաքացի։

Հակառակ հրադադարի համաձայնագրին՝ իսրայէլեան բանակը մասամբ դուրս եկած է հարաւային Լիբանանէն՝ շարունակելով իր ենթակայութեան տակ պահել վերջին պատերազմի ժամանակ գրաւած լիբանանեան հինգ կարեւոր բլուրները։