Գանատայի Թորոնթօ հայահոծ քաղաքի համայնքի հարիւրաւոր անդամներ մասնակից դարձած են շրջանին մէջ նորերս ծառայութեան կոչուած Վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «ԹորոնթոՀայ» հարթակէն։
Ստորեւ այդ եղելութեան մասին կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2025 թուականը, որպէս Աստուածատուր օրհնութեամբ ողողուած օր, երկար տարիներ վառ պիտի մնայ թորոնթոհայ հաւատացեալներուն սրտին ու հոգիին մէջ։ Սիրով, աղօթքով եւ շնորհքով ողողուած այդ օրհնեալ առիթին ներկայ էին Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ անդամները, հոգեւորականները, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ներկայացուցիչները, Թորոնթոյի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Փոստաճեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, Թինտէյլ աստուածաբանական համալսարանի ներկայացուցիչներ, Թորոնթոյի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, թորորնթոհայ գաղութն ու հիւրերը, որոնք միաբանուած՝ բարի երթ, կանաչ ճանապարհ եւ Տիրոջ գծած ճամբայէն քալելու ուժ եւ կորով մաղթեցին վեր. Զօհրապ Սարգիսեանին։
Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր հովիւ՝ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան կողմէ, վերապատուելիի հանգամանքով ձեռնադրութեան եւ պաշտօնակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6-ին, յաւուր պատշաճի։ Աստուծոյ պայծառ ներկայութիւնը եւ ձեռնադրութեան պարգեւած օրհնութիւնը, համախմբուած խուռներամ հաւատացեալներուն հոգիները զարդարեցին, ու այդ երանելի օրը հանդիսացաւ կենդանի վկայութիւն մը՝ վեր. Զօհրապին Աստուածատուր կոչումին եւ անոր նուիրեալ ծառայութեան։
Նախանուագը հնչեց, ու թափօրին մուտքը կատարուեցաւ երկիւղածութեամբ։ Արա Տէր Յարութիւնեան ընթերցեց պաշտամունքի կոչը (Սաղմոս 100) «Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէ՛ք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք, որ Տէրն է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք։ Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։ Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ։ Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է ու Անոր հաւատարմութիւնը՝ սերունդէ մինչեւ սերունդ»։ Եկեղեցին լեցուեցաւ փառաբանութեան ոգիով։
«Կը փառաւորեմ անունդ» եւ «Փառք ենք մենք տալիս Քեզ» երգերը երգուեացան խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ, իսկ ժողովուրդը միաձայն միացաւ երգեցողութեան ու փառաւորեց զԱստուած։ Ամրապնդուած հաւատքով, յոտնկայս, Առաքելական հանգանակը արտասանեցին ներկաները եւ Աստուծոյ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ հոգիի ներկայութեամբ լեցուեցան հաւատացեալները, որոնց մէջ էր նաեւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը, իր ընտանիքին՝ տիկնոջ, երկու զաւակներուն եւ ծնողքին հետ։
Բացման աղօթքը կատարեց Վարդան Պալեան, իսկ ողջոյնի խօսքը՝ վեր․ Հենրիկ Շահնազարեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան անունով շնորհաւորեց եկեղեցին եւ ներկաները՝ ընդգծելով, որ տարիներու աղօթքներուն եւ խնդրանքներուն արդիւնքով, Տէրը այս համայնքին պատրաստած ու պարգեւած էր պատգամաբեր ծառայ մը, որ իր կոչումով յետ այսու հաւատարմօրէն պիտի ծառայէր անոնց։ Վեր. Շահնազարեան ընդգծեց իրենց միասնական բերկրութիւնը եւ կրկնեց իրենց հաստատ դիտաւորութիւնը՝ հովիւ Զօհրապին կողքին կանգնելու եւ ծառայութեան մէջ անոր սատարելու։
Աստուածաշնչական ընթերցումը (Յովհաննէս 21:15-17) կատարեց Մինաս Թաշճեան։ «Կոչուած, առաքուած եւ Իր ձեռքին մէջ պահուած» խորագիրով հայերէն պատգամը մատուցեց պատուելի Պետրոս Նիկողոսեան, որ իր երջանկութիւնը բաժնեկցեցաւ հաւատացեալներուն հետ։ Ան աղօթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Անոր հրաշքներուն համար, ապա՝ իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, ուշագրաւ խրատականով մը եզրափակեց խօսքը. «Այսօր մենք հաստատում ենք քո կանչը։ Դու ես Պետրոսի նման շնորհքով վերականգնուած, Քրիստոսի դեսպանը, հօտի եղբայր խնամողը, Քրիստոսի ձեռքում պահուած եւ աստղի նման փայլող՝ Սամուէլի նման հաստատուած մարգարէ, Քրիստոսի պէս փորձուած եւ պատրաստուած, Պօղոսի նման յանձնարարուած՝ հնազանդ լինելու, Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն նման խոստացուած եւ տառապող»։
Ժողովուրդը երգեց «Միշտ ձօնուած Քու Սուրբ անուան» երգը, որմէ ետք Տարըն Կեցոյեան ընթերցեց Երեմիայ 1:4-10։ Վեր. Ռօն Թովմասեան անգլերէն պատգամով ներկայացուց «Ճանչցուած, զատուած, եւ անուանուած» թեմայով նիւթը ու հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով գնահատեց ծառայութեան խորհուրդը։
Հաւատացեալ ժողովուրդը երգեց «Աստուծոյ գառը»։ Թեկնածուին յորդոր ընծայեց վեր. Ֆռէտ Փեննին եւ վստահեցուց, որ պատուելի Զօհրապին մէջ յստակ տեսած է սէր հանդէպ եկեղեցւոյ, Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ խօսքին հետեւելու ուժը եւ Յիսուս Քրիստոսի անունով ծառայելու մարմաջը։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ յորդորը ներկայացուց պատուելի Արա Պալըգճեան։ Պատուելին սրտանց փառք տուաւ Աստուծոյ, Իր այսօրուան օրհնութեան համար, որ հաւատացեալներուն աղօթքներուն իբրեւ պատասխան՝ արժանի ըրած էր այս եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն հովիւ մը նուիրելու: Պատուելին շեշտեց, որ հովիւը Աստուծոյ ծառան է, եւ ոչ թէ հաւատացեալներուն պատկանող գործիչ մը, ապա՝ հաւատացեալներուն յորդորեց, ըսելով՝ քաջալերեցէ՛ք եւ լսեցէ՛ք հովիւին խօսքերը հեզութեամբ, հովիւին խօսքերուն ու քարոզին մէջ սխալներ չփնտռէ՛ք, անոր կատարեալ ըլլալը մի՛ ակնկալէք, որովհետեւ կատարեալը միայն Աստուած է։ Պատուելին Աստուաշածունչէն ընթերցում կատարեց ու՝ «Խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ թող ըլլայ» ըսելով՝ իր օրհնութինը տուաւ ձեռնադրեալ հովիւին։
Այնուհետեւ սկսաւ ձեռնադրութեան ու պաշտօնակոչութեան ընթացքը։
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան հովիւ՝ վեր. Հէնրիք Շահնազարեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան անունով ողջունեց ներկաները՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Ժողովուրդը պատասխանեց՝ «Աստուծոյ, Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան, քանի որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի, Իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։
Եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Տիգրան Գալայճեան ներկայացուց թեկնածուն եւ արտայայտեց եկեղեցւոյ խնդրանքը զայն ձեռնադրելու քրիստոնէական հովուական ծառայութեան։ Ան ըսաւ. «Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին յարգանօք կը խնդրէ ՀԱՀԱՄ-էն ձեռնադրելու տիար Զօհրապ Սարգիսեանը, Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցւոյ հովուական պաշտօնին, համապատասխան Աստուածաշունչի ու տիեզերական եկեղեցւոյ աւանդութեան, եւ ըստ ՀԱՀԱՄ-ի դաւանանքին ու կանոնագրութեան»: ՀԱՀԱՄ-ի ատենապետ՝ վեր․ Քալվին Սաղըրեան յօժարութիւնը տուաւ. «ՀԱՀԱՄ-ը քննած է Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ խնդրանքը եւ աղօթքով վերանայած է թեկնածուին՝ ծառայութեան վկայութիւնը Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ։ Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ ՀԱՀԱՄ-ը, կ’արտօնէ Զօհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութիւնը՝ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու եւ խորհուրդները մատակարարելու քրիստոնէական ծառայութեան համար»: Ան հրաւիրեց պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը, որպէսզի առաջ գայ՝ ի նշան համաձայնութեան՝ ընդունելու քրիստոնէական ծառայութեան ձեռնադրութիւնը։
Աստուածաշնչական ընթերցումներէ ետք սկսաւ թեկնածուին քննութիւնը։ ՀԱՀԱՄ-ի՝ հովիւին ուղղած բոլոր հարցումներուն վստահութեամբ՝ «Այո՛, համոզուած եմ», «Այո՛, Աստուծոյ շնորհքին ապաւինելով կ’ընդունիմ», «Այո՛, կը խոստանամ, Աստուծոյ շնորհքին ապաւինելով» եւ «Այո՛, կը խոստանամ գաղտնապահ ըլլալ եւ մարդոց վստահութիւնը չչարաշահել», պատասխանելով՝ Աստուծոյ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Սուրբ հոգիի եւ բոլոր հաւատցեալներուն ներկայութեամբ խոստացաւ Աստոածաշունչը, իր Հին ու Նոր կտակարաններով քարոզելու, հաւատարմօրէն պաշտօնավարելու, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայելու։
Քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, վեր. Շահնազարեան եկեղեցւոյ անդամներուն հարցուց, թէ ի՞նչ է անոնց կարծիքը, ու բոլորը միաձայն՝ «Աստուծոյ շնորհքով՝ ան արժանի է։ Եկէ՛ք, ձեռնադրենք զայն։ Ե՛կ, Սուրբ հոգի», աղաղակեցին եւ եկաւ այն սուրբ պահը, երբ սկսաւ պաշտօնակոչութեան ուխտը, եւ եկեղեցւոյ անդամները խոստացան ձեռնադրեալին կողքին կանգնիլ թէ՛ անոր դժուար օրերուն եւ թէ՛ բաժնեկցիլ անոր ուրախութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդունիլ անոր հովուական հոգատարութիւնը եւ պատուել անոր իշխանութիւնը՝ այնպէս ինչպէս, որ ան կը ջանայ պատուել եւ հնազանդիլ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։
Ձեռնադրութեան սուրբ պահը հասած էր։ Այն հրաշալի պահը, երբ եկեցեցւոյ մէջ գտնուող բոլոր հաւատացեալները, եկեղեցականներն ու ձեռնադրեալը եղած էին մէկ հոգի ու մէկ մարմին՝ Յիսուս Քրիստոսով, իսկ Սուրբ հոգին կը թեւածէր բոլորին ինքնութեան մէջ, հաւատքի անշէջ կրակով կը ջերմացնէր անոնց հոգիները, իսկ եկեղեցին կը դառնար հոգեւոր յայտնութեան եւ աներկբայ օրհնութեան վայր։
Վեր. Աշուր Եուսիֆի անգլերէն աղօթքը, ապա՝ վեր. Ճորճ Տապպոյի յուզումնալից սրտաբուխ աղօթքը եւ հոգեպարար խօսքերը լսող ծնկաչոք ձեռնադրելը, իրենց ձեռքերը ձեռնադրեալին գլխուն հանգչեցուցած ձեռնադրող հոգեւորականներն ու այս յատկանշական պահը ապրող յուզուած ներկաները, արցունքը իրենց աչքերուն հետեւեցան արարողութեան, խոնարհումով եւ երկիւղածութեամբ աղօթեցին, ապա՝ երջանկացած զիրար շնորհաւորեցին, երբ ՀԱՀԱՄ-ի հովիւը հռչակման աւետիսը փոխանցեց ներկաներուն։
Շատ սրտառուչ էր այն պահը, երբ՝ իբրեւ սիրոյ նշան, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին ձեռնադրուած վերապատուելիին նուիրեց հովուական պատմուճան, զոր փոխանցուեցաւ ձեռնադրեալ հովիւին տիկնոջ՝ Լոռիի ձեռամբ, իսկ ՀԱՀԱՄ-ի նուիրած ուրարը ձեռնադրեալին փոխանցեց իր հարազատ մայրը։ Բացառիկ ուրախութիւն եւ հրճուանք էր Քրիստոնէական ձեռքի տուչութեան պահը, երբ միութեան հովիւը՝ ՀԱՀԱՄ-ի անունով, ձեռնադրեալ Զօհրապ Սարգիսեանին շնորհեց ձեռնադրեալ հովիւի կոչումը։
Ժողովուրդը բարձրաձայն երգեց Տէրունական աղօթքը եւ ամրագրեց վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի ձեռնադրութիւնը։
Մէկտեղուած հաւատացեալներու աղօթքը, միաբան երգեցողութիւնը, յուզումնալից վկայութիւնները եւ Սուրբ հոգիէն բխող խաղաղութիւնը դարձուցին այս օրը ճառագայթ մը երկինքէն, որ իջաւ համայնքին վրայ՝ նոր հովիւի ձեռքերուն եւ սրտին միջոցաւ։
Վերջանուագով թափօրը ելաւ սրահէն։ Ներկաները ուղղուեցան «Վեր․ Մովսէս Ճանպազեան» սրահ, ուր ճոխ ու բազմապիսի ուտելիքներով ու քաղցրեղէններով ողողուած սեղաններուն կեդրոնը հանգչած էր սպիտակ կարկանդակը՝ Սուրբ գիրքի տեսքով։ Մոմերով ու շքեղ զարդարանքներով գեղեցկացած սեղանները եւ ճաշակաւոր համադրութեամբ հսկայ ծաղկամաններուն բազմերանգ վարդերով զարդարուած սրահը կը շողային սիրոյ եւ շնորհքի փայլքով։
Շնորհաւորանքներ, լուսանկարներ, ջերմ զրոյցներ եւ կոչով լի պահեր լեցուցին սրահը։ Հրաժեշտ տուող իւրաքանչիւր հիւր ստացաւ փայտեայ փոքրիկ խաչքար մը՝ իբրեւ օրհնեալ յուշ՝ այդ հրաշալի, Աստուածատուր օրուան։
Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ այս անգին օրը պիտի մնայ իբրեւ պայծառ վկան այն անսահման գթութեան, որով Տէրը կը պատրաստէ Իր հովիւները եւ կը պարգեւէ զանոնք Իր հօտին։
Վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի պաշտօնակոչութիւն-ձեռնադրութիւնը լոկ արարողութիւն մըն չէր, այլեւ՝ հոգեւոր վերածնունդի, յուսադրումի եւ համայնքի միասնականութեան խորհուրդ։ ֎