image

Սուրբ Ծննդեան Պատարագ Հայ Կաթողիկէ՝ Հարպոյեան-Սուրբ Խաչ վարժարանին մէջ

Սուրբ Ծննդեան Պատարագ Հայ Կաթողիկէ՝ Հարպոյեան-Սուրբ Խաչ վարժարանին մէջ

«Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք՝

Ուրբաթ՝ 19 դեկտեմբեր, 2025-ին, առաւօտեան ժամը 08:00ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան հայկական վարժարանի մեծ ընտանիքի Սուրբ Ծննդեան աւանդական Սուրբ եւ Անմահ պատարագը, զորս մատուցանեց Գերապատիւ Հայր Արամ վարդապետ Աբրահամեան, ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ Լեւոն վարդապետ Ստեփանեանի։

Պատարագին սկիզբը վարժարանի աշակերտները ներս մտան եւ ընծաները յանձնեցին վարդապետին, ապա կարգ մը աշակերտներ դիտաւորութիւններ կարդացին ։

Սուրբ հաղորդութենէն ետք վարժարանիս տնօրէն Արամ Գարտաղլեան սրտի խօսք մը արտասանեց, որուն ընդմէջէն ան շնորհաւորեց Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքի անդանմերուն Սուրբ Ծնունդը, անոնց մաղթելով որ Քրիստոսի ծնունդի ուրախութիւնը, որ ապրեցանք այս պատարագի ընթացքին, առնեն եւ տանին իրենց տուները եւ այդ ուրախութիւնը բաժնեկցին իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն հետ։

Ապա, թափօրով մը, աշակերտները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ բակը եւ Յիսուսը զետեղեցին մսուրին մէջ։