Բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն մէջ, առաջին հերթին, 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ, արձանագրուած է կողմերու համաձայնութիւնը, որ կ'ապահովէ կապը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ Լաչինի միջանցքի միջոցաւ, որ կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը՝ պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին, թէ ինչու հայ պաշտօնեաները կ'այցելեն Ղարաբաղ «առանց Պաքուի թոյլտւութեան, եւ ինչ է այդ առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշումը»:
«Ղարաբաղի հետ Հայաստանի կապը ոչ ոք հերքած է: Տասնամեակներ շարունակուող բանակցութիւններու ընթացքին երբեք չէ հնչած Հայաստանն ու Ղարաբաղը իրարմէ կտրելու հարցը։ Եւ այդ պատճառով Լաչինի միջանցքը՝ որպէս հայեցակարգ, որեւէ մէկու կողմէ չէ մերժուած։ Եւ այն նախկինի պէս կողմերու համաձայնութեան, այդ շարքին՝ մեր ատրպէյճանցի հարեւաններու համաձայնութեան առարկայ կը հանդիսանայ։ Ճիշդ այդպէս յուսալի մշտական կապ պիտի հաստատուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ: Եթէ մենք համաձայն ենք (իսկ բոլորը այդ հարցի շուրջ համաձայն են), որ պէտք է կապ ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ու Հայաստանի հայերու միջեւ, չեմ տեսներ այդ մակարդակով շփումները խոչընդոտելու պատճառներ։ Հայաստանի պաշտօնեաները ներգրաւուած են ԼՂ-ին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու գործընթացին մէջ, որ որեւէ բացասական արձագանգ չի ստանար Պաքուի կողմէ: Եւ տարօրինակ կ'ըլլար, եթէ այլ կերպ ըլլար:
Այն, որ հայ պաշտօնեաները Ղարաբաղի մէջ քաղաքականացուած յայտարարութիւններ կ'ընեն, թերեւս լարուածութիւն կ'առաջացնէ: Կը կարծեմ՝ լաւ կ'ըլլար խուսափիլ անկէ։ Մենք ականատես եղանք 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, թէ ինչպէս զգայացունց յայտարարութիւններ կ'ըլլային, օրինակ՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ»…Գիտէք՝ խօսքը նիւթական ուժ ունի: Տուեալ պարագային տարբեր կողմերէ նման խօսքերը բացասական ուժ կ'ունենան: Այդ պատճառով մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններու միջեւ շփումներուն, վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Եւ այդ էր 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ հանդիպման կարեւորագոյն իմաստներէն մէկը… Լիայոյս եմ, որ զգացումները երկրորդ փլան կը մղուին:
Ի դէպ, այդ պատճառով այժմ առաջնահերթ չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի թեման: Այն կը մնայ հետագայի համար, եւ անոր դեռ կը վերադառնանք…:
Սակայն ամենակարեւորն այն է, որ կարգավիճակի հարցով հետագային յստակ, հանգիստ, իրաւական բանակցութիւններ ընթանան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ՝ այն բարիդրացիութեան հիման վրայ, որ անոնք պէտք է վերականգնեն տարածաշրջանին մէջ» ,-ըսած է Լաւրովը: