image

Գիւմրի. Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան մասնակից Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Ծննդեան արարողութեան

Գիւմրի. Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան մասնակից Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Ծննդեան արարողութեան

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան օրերս այցելած է Գիւմրի եւ մասնակից դարձած Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Ծննդեան արարողութեան։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՀՀ Յանձնակատարութեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը դեկտեմբեր 24-ին մասնակցած է Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Տաճարին մէջ մատուցուած Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

Սուրբ Պատարագը մատուցած է Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Գէորգ Նորատունկեանը: 

Արքեպիսկոպոսն օրհնած եւ շնորհաւորած է ներկաները եւ տօնի առթիւ մաղթած խաղաղութիւն, բարութիւն եւ համերաշխութիւն։

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Գիւմրիի կաթոլիկ համայնքի բազմաթիւ հաւատացեալներ։