Գիշերը Ռուսիան Ուքրանիոյ վրայ արձակած է 500 անօդաչու թռչող սարք, 40 հրթիռ: Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ հիմնական թիրախը եղած է Քիեւը, հարուածի տակ յայտնուած են ուժանիւթային եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: 1 մարդ զոհուած է, աւելի քան 20-ը՝ վիրաւորուած։
Բացի այդ՝ Քիեւի մարզին մէջ 300 հազար մարդ մնացած է առանց ելեկտրականութեան: Քանի մը բարձրայարկ շէնքի մէջ հրդեհ բռնկած է: Մարդիկ պատսպարուած են մեթրոյի կայարաններու մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ անցեալ գիշերուան ընթացքին ՀՕՊ-ի հերթապահ միջոցները ոչնչացուցած են ուքրանական 7 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ չորսը՝ Քրասնոտարի երկրամասի տարածքին մէջ, երեքը՝ Ատիկէայի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։