Օրերս Սրբոյ Յակոբայ Մծբնեցի հայրապետի անուանակոչութեան տօնին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գանատայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան։
Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց նորակազմ Հոգաբարձութեան օրհնութիւն:
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիրով գնահատանեց ու շնորհաւորեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 30-ամեակին եւ եկեղեցւոյ ու ազգին իր անձնուէր ծառայութեան առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց Հայր Յակոբը։
«Սուրբերը մեր կեանքին մէջ մեզի համար օրինակներ են։ Սուրբ Յակոբը իր ճգնաւորական կեանքի օրինակով, աղօթական ապրումով, խոնարհութեամբ, հնազանդութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ուղեցոյց եղած է մեր ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին։ Մանաւանդ որպէս հաւատքի հերոս՝ ան խոր փափաք ունէր հասնելու Արարատ լերան գագաթը՝ փնտռելու եւ գտնելու Նոյեան տապանէն մասունք մը, որպէսզի վերանորոգէ եւ հաւատք ներշնչէ հայ ժողովուրդին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ապա, գնահատեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան անդամներուն, Սարկաւագաց Դասին եւ Դպրաց Դասի անդամներուն ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։



ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ