image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ եւ Զելենսքի կիրակի պիտի հանդիպին

Թրամփ եւ  Զելենսքի կիրակի պիտի հանդիպին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի Ֆլորիտայի մէջ պիտի հանդիպի Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը։

Երկկողմ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Փալմ Պիչի մէջ՝ ժամը 3-ին (Երեւանի ժամանակով 00։00-ին): Լրագրողներուն կը թոյլատրուի մասնակցիլ միջոցառման։

Նախօրէին Թրամփ յայտարարած էր, որ բարձր կը գնահատէ յառաջիկայ հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու հնարաւորութիւնները: Ան նաեւ նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած Զելենսքիի նախաձեռնութիւնները նշանակութիւն չունին առանց իր հաւանութեան: