Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին պատրաստ է հանրաքուէի դնելու Ռուսիոյ հետ հակամարտութեան աւարտի՝ 20 կէտէ բաղկացած ծրագիրը, եթէ Մոսկուան համաձայնի հրադադարի՝ առնուազն 60 օրով: Այս մասին ան ըսած է Axios-ին տուած հարցազրոյցին։
Զելենսքին յոյս յայտնած է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի լաւ պայմաններու հասնիլ տարածքներու հարցով, սակայն եթէ առաջընթաց չգրանցուի, ապա հարկաւոր է ուքրանացիներու հաւանութիւնը խաղաղութեան ծրագրին:
Դեկտեմբեր 28-ին ԱՄՆ-ի մէջ կը նախատեսուի Վլատիմիր Զելենսքիի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը: Ուքրանիոյ նախագահի խօսքով՝ հանդիպման նպատակն է օգտագործել բանակցողներու գրանցած առաջընթացը եւ հնարաւորինս շուտ հասնիլ պատերազմի աւարտին: