image

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովը

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովը

Աթէնքի մէջ, Յունաստանի նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցաւ «Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովը»ի 9րդ նախարարական հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Պոլիվիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Իրանի, Իրաքի, Չինաստանի եւ Փերուի պատուիրակութիւնները։ Դէտի կարգավիճակով ներկայ էին Մեքսիքան, Կիպրոսը եւ Հնդկաստանը։

Աւարտին ընդունուած Աթէնքի հռչակագիրին մէջ ամրագրուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանումին եւ պաշտպանումին վերաբերող կարեւոր դրոյթներ։ Հռչակագիրը կը հաստատէ Կիպրոսի անդամակցութիւնը եւ կ՛ողջունէ Հնդկաստանի մտադրութիւնը՝ ապագայ անդամակցութեան վերաբերեալ։

Հանդիպումին աւարտին, համաժողովին նախագահութիւնը ստանձնեց Իտալիան։

Հանդիպումին մասնակցած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան իր ելոյթին ընթացքին, բարձր գնահատեց համաժողովը՝ խաղաղութեան մշակոյթը խթանելու, միջմշակութային երկխօսութիւնը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ինքնութեան խեղաթիւրումին ու իւրացումին դէմ պայքար մղելու ուղղութեամբ։ Ամ ընդգծեց անցեալ տարի, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 8րդ նախարարական համաժողովին եւ ընդունուած՝ «Երեւանի հռչակագիր»ին կարեւորութիւնը՝ նշուած ոլորտներու հարցերը շեշտադրելու եւ համաժողովին տեսանելիութիւնը բարձրացնելու նպատակներուն համար։