Հիւսիս-արեւմուտքէն ցուրտ մթնոլորտային ճակատի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած` դեկտեմբեր 27-ի կէսօրէն ետք դէպի երեկոյ, դեկտեմբեր 27-ի լոյս՝ 28-ի գիշերը եւ առաւօտեան հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ, դեկտեմբեր 28-ի ցերեկը Գեղարքունիքի, Արարատի, Վայոց ձորի ու Սիւնիքի մէջ կը սպասուի ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ առատ։
Այս մասին յայտնած են «Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։
Հանրապետութեան լեռնային մարզերու առանձին գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վրկ, բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։
Օդի ջերմաստիճանը դեկտեմբեր 28-30-ին հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ պիտի նուազի 5-7 աստիճանով։
Հանրապետութեան տարածքին մէջ դեկտեմբերի 27-ի ցերեկը, 28-ի գիշերը եւ առաւօտեան շրջաններու մեծ մասի մէջ, դեկտեմբեր 28-ի, 29-ի եւ 31-ի ցերեկը, յունուար 1-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի ձիւն, դեկտեմբեր 27-ի ուշ երեկոյեան, 28-ին առանձին հատուածներու մէջ առատ։ Դեկտեմբեր 29-ի գիշերը, 30-ին, 31-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Քամին հիւսիս-արեւմտեան՝ 2-5մ/վ, դեկտեմբեր 27-ի ցերեկը, 29-31-ին առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վրկ, 27-ի ցերեկը, 28-ին՝ լեռնային առանձին մարզերու մէջ կը սպասուի բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Դեկտեմբեր 28-30-ի յատկապէս գիշերը եւ առաւօտեան ժամերուն հանրապետութեան ճանապարհներուն կը սպասուի մերկասառոյց։ Օդի ջերմաստիճանը դեկտեմբերի 28-30-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 5-8 աստիճանով։
Երեւանի մէջ դեկտեմբեր 27-ի ցերեկը, 28-ի գիշերը եւ առաւօտեան կը սպասուի ձիւն։ Դեկտեմբեր 28-ի եւ 29-ի ցերեկը, 31-ի երեկոյեան, յունուար 1-ին կը սպասուին թոյլ ձիւն։
Դեկտեմբեր 29-ի գիշերը, 30-ին, 31-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: