Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները 8 սեպտեմբերին, ժամը 00:25-ի սահմաններուն ամրաշինական աշխատանքներ կատարած է Ասկերանի շրջանը, որոնք իբր թէ կասեցուած են ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու գործողութիւններու հետեւանքով, հերթական ապատեղեկատուութիւնն է։
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կեղծ հաղորդագրութիւններու տարածմամբ կը շարունակէ իրականացնել հերթական սադրանքի տեղեկատուական նախապատրաստութիւն։