«Նակորնի Ղարաբաղի մէջ ընթացող պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ քանի մը հրթիռներ մեր հողատարածք հասնին», այս մասին ըսաւ Իրանի ներքին գործոց նախարար՝ Ապտ Ալռիտա Ռահմանի Ֆատլի։Ֆատլի մասնաւորապէս նշեց, որ «Մենք կողմերը զգուշացուցինք եւ մեր երկիրը պիտի դիմէ խիստ քայլերու եթէ մագլցումը աւելի սաստկանայ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ, որովհետեւ Իրան չի հանդուրժեր իր սահմաններու ապակայունութիւնը»:
Ֆատլի աւելցուց թէ.- «Խորհուրդ տուինք սահմանակից երկիրներուն, նաեւ զգուշացուցինք, որ մենք չեն հանդուրժեր, մեր սահմաններուն տիրող անապահովութիւնը, որ կրնայ վտանգի ենթարկել մեր ժողովուրդը»:
Իր հերթին, Թեհրան յայտարարութիւն մը ըրաւ, որ ինք ունի ծրագիր մը, որու ճամբով կարելի է լուծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութիւնը, եւ Թեհրան պատրաստ է զայն քննարկելու կողմերուն հետ: Ան կոչ ուղղեց կողմերու Արտաքին գործոց նախարարներուն դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ չթիրախաւորելու քաղաքացիական բնակչութիւնը:
«Իրան մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի իր արեւմտեան սահմանին վրայ ընթացող զարգացումներուն» ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Սաիտ Խաթիպ Զատա, եւ աւելցուց թէ Իրան կը հրաւիրէ կողմերը յարգելու խաղաղ բնակչութեան իրաւունքները եւ խնայելու պատերազմի ահը:
Նոյն շրջածիրէն ներս Զատա ընդգծեց, որ Իրան թէ՛ Երեւանին եւ թէ՛ Պաքուի հետ փորձեց կապեր ստեղծելնշելով, որ «Թեհրան, համաձայն իր քաղաքականութեան, հաւասար հեռաւորութեան վրայ կը մնայ երկու կողմերուն հանդէպ:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ՝ Հասան Ռուհանի իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին, տարածաշրջանի վերջին զարգացումներու առնչութեամբ, եւ վարչապետը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյաճնի հակամարտութեան մէջ օտար որեւէ կողմի ներգրաւումի նկատմամբ:
Ի դէպ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները, քանի մը օր առաջ, շեշտեցին ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութիւնը Արցախի մէջ, եւ մանաւանդ մտահոգութիւն յայտնեցին օտար զինեալներ տարածաշրջան տեղափոխելու կապակցութեամբ: