Իսրայէլ կը կարծէ, որ Իրանը կանգնած է Եմէնի հուսի ապստամբներու՝ «Անսար Ալլահ» շարժման գործողութիւններու ետին, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Մեկնաբանելով, 4 մայիսին, հուսիներու կողմէ Թէլ Աւիւի «Պեն Կուրիոն» միջազգային օդակայանի գնդակոծութիւնը՝ ան խոստացած է հզօր պատասխան տալ եւ վստահեցուցած է, որ Իսրայէլը «յստակ ազդանշան» պիտի ուղարկէ Թեհրանին։
Այս մասին Նաթանիահուն յայտարարած է այցով Երուսաղէմ ժամանած Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ հանդիպման։ Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավարի յայտարարութիւնները տարածած է անոր գրասենեակը։
«Ինչ կը վերաբերի առեւտրային ուղիներուն (նկատի ունի նաւարկութիւնը Կարմիր ծովով-Խմբ.), ապա ամբողջ աշխարհը, այդ շարքին՝ Իսրայէլը, վտանգուած է հուսիներու կողմէ։ Այսօր անոնք ստոր յարձակում իրականացուցած են «Պեն Կուրիոն» օդակայանի մօտ։ Մենք այդ չենք հանդուրժեր եւ շատ կոշտ հակաքայլեր պիտի ձեռնարկենք։ Մենք միշտ պիտի յիշենք, որ անոնք կը գործեն իրենց հովանաւորի՝ Իրանի հրահանգով եւ աջակցութեամբ։ Մենք պիտի ընենք անհրաժեշտ ամէն ինչ՝ ապահովելու մեր անվտանգութիւնը, արդիւնաւէտ արձագանգելու եւ Իրանին յստակ ազդանշան ուղարկելու համար, որ մենք այդ չենք հանդուրժեր»,-ըսած է Նաթանըահուն։
Մայիս 4-ի առաւօտեան Իսրայէլի բանակը Եմէնի տարածքէն հրթիռակոծութիւն արձանագրած է, որու հետեւանքով օդային յարձակման նախազգուշացում յայտարարուած է կեդրոնական Իսրայէլի բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ներառեալ՝ Թէլ Աւիւը, որմէ ետք հրթիռի բեկորներն ինկած են «Պեն Կուրիոն» միջազգային օդակայանի մօտ: