image

Հալէպ. Հայ Աւետարանական Համայնքի օգնութիւնը անապահով խաւերուն

Հալէպ. Հայ Աւետարանական Համայնքի օգնութիւնը անապահով խաւերուն

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մեր խմբագրութեան յղուած հաղորդագրութիւնը, Հայ Աւետարանական Համայնքին կողմէ օրերս համայնքի անապահով խաւերուն տրամադրուած օգնութիւններուն մասին։

Հալէպի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել ծանր պայմաններ։ Այս օրերուն Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը դարձեալ բացաւ իր սրտերն ու ձեռքերն՝ աջակցելու հայ համայնքի ընտանիքներուն եւ կանգնելու անոնց կողքին։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ, Շաբաթ, 23 Օգոստոս 2025-ին, տեղի ունեցաւ մարդասիրական օգնութեան բաշխում։ Շատերու տուները լեցուեցան անհրաժեշտ սնունդով, իսկ հոգիները՝ բարեկամական ջերմութեամբ եւ փոխադարձ ոգեւորութեամբ։

Այս նախաձեռնութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, որ զիրար օժանդակելը միայն պարտականութիւն չէ․ ան Աստուծոյ պարգեւն է, որ կը զօրացնէ մեր հաւատքը եւ կը միացնէ մեր համայնքը։