Հալէպահայ երիտասարդներ Յարութ Տէր Սարգիսեան եւ Ռիթա Պասմաճեան մասնակցած են «Ձիրքեր յանուն Խաղաղութեան» մրցումին, որ կազմակերպուած է «Տոն Պոսքօ- Սալիզեաններ Միջին Արեւելքի մէջ» կրօնական կազմակերպութեան կողմէ:
Մրցումին կրնան մասնակցիլ տարբեր՝ գծագրութեան, երգի, ասմունքի, պարի եւ այլ ձիրքերու տէր սկզբնակ երիտասարդներ:
Յարութ Տէր Սարգիսեան եւ Ռիթա Պասմաճեան այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պարային ներկայացում-տեսագրութեամբ մը, որ կատարած են պատերազմի հետեւանքով փլատակ դարձած բաց միջավայրի մէջ:
Բոլոր մասնակիցներու նիւթերը կը հրապարակուին կազմակերպութեան ֆէյսպուքեան էջին` https://www.facebook.com/sdbmor/:
Յաղթողի ընտրութեան համար նկատի պիտի առնուին մրցումի պաշտօնական էջին վրայ (եւ ոչ թէ կիսուած (շէյր եղած) էջերուն) թողարկուած նիւթի (նկար-Վիտէօ) հաւաքած հաւանութիւններու (Լայք) քանակը, մասնագէտներու կարծիքները եւ թէ որքանով ներկայացուած նիւթը կը մարմնաւորէ մրցումի թեման, որ խաղաղութիւնն է:
Քուէարկումը սկսած է երէկ 10 մայիսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 20 մայիս 2017: Քուէարկութեան արդիւնքները եւ յաղթողներու անունները պիտի յայտարարուին 24 մայիսին: