Մոսկուան համոզուած է, որ Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը պէտք է մնան գործընկերներ եւ դաշնակիցներ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
Փութինի մամուլի քարտուղարը ընդգծած է, որ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ծագած խնդիրները պէտք է լուծուին կառուցողականօրէն։
Փեսքովի խօսքով՝ ռուս դիւանագէտները մշտական կապի մէջ են ատրպէյճանական կողմի հետ եւ կը պաշտպանեն ձերբակալուած ռուսերու շահերը։ Բացի այդ, Պասթրիքինը եւ Քրասնովը կապի մէջ են Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի հետ։