Թուրքիոյ ազգայնական «İYİ» (Լաւ) կուսակցութեան նախագահ, պատգամաւոր Մուսավաթ Տերվիշօղլուն օրէնքի նախագիծ ներկայացուցած է երկրի խորհրդարան: Ըստ այդ նախագիծի՝ կ՚առաջարկուի Հայաատանի հետ սահմանին տեղակայուած Ալիճան անցակէտն անուանափոխել Թալէաթ փաշայի անունով։
Այս մասին կը տեղեկանանք ermenihaber.am-էն:
Նախագիծը ստորագրել է 28 պատգամավոր։
Նշենք, որ Թալէաթ փաշան Հայոց ցեղասպանութիւնն իրագործած գլխաւոր անձերէն մէկն է:
Ներկայացուած օրինագիծին մէջ նշուած է․
«Այս անուանափոխութիւնը միայն ցուցանակի փոփոխութիւն չէ, այն թուրք ժողովուրդի կամքի դրսեւորումն է՝ տէր կանգնելու սեփական պատմութեան, հերոսներուն եւ յիշողութեան, քանի որ ազգային հերոսները մոռցող ժողովուրդները ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին։ Ալիճան սահմանային անցակէտի անուանափոխումը Թալէաթ փաշայի անունով միեւնուն ժամանակ կը նշանակէ, որ թշնամիի դիմաց ամուր կանգնած ժողովուրդը սեփական սահմաններուն կը դրոշմէ իր պատմական ինքնութիւնը»:
Ընդգծուած է, որ այդ քայլը մեծ նշանակութիւն ունի ինչպէս թուրք ժողովուրդի երիտասարդ սերունդներուն պատմական գիտակցութիւն ներարկելու, այնպէս ալ պետութեան պատմական շարունակականութիւնը եւ «պատուաբեր անցեալը» յիշեցնելու համար։