image

Արծուիկ Մինասեանն իրեն վերագրուող մեղադրանքն «անօրինական» որակեց

Արծուիկ Մինասեանն իրեն վերագրուող մեղադրանքն «անօրինական» որակեց

Արծուիկ Մինասեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքները ժամանակի անիմաստ վատնում կը համարէ։ Այդ մասին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորն ըսած է յուլիս 7-ին Ազգային ժողովի մէջ՝ իր նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու ընդհանուր դատախազի միջնորդագրին անդրադառնալու ժամանակ։

«Այն, ինչ գլխաւոր դատախազն ասում է այստեղ, օրէնքի հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Ես զայրանում եմ, որ ինձ հակաօրինական բաներ են փորձում վերագրել։ Եթէ մի փոքր վերագրելի բան լինի, ես ինքս այստեղից ամօթ կ՚անէի խօսել։ Այս ամէնը փուչիկ է ու մի օր կը պայթի»,-ըսած է Մինասեանը։

Անոր խօսքով՝ իրեն կը վերագրեն մեղադրանքներ, որոնք իրականութեան հետ առնչութիւն չունին։

«Վատն այն է, որ հետագայում ինչքան էլ զաւթուած դատական համակարգում փորձեցիք սա առաջ տանել, յետոյ միջազգային ատեաններում պարտուելու է Հայաստանը, իմ ցաւը սա է»,- ընդգծած է Մինասեանը։

Ան նաեւ խօսած է դատաւորներու հանդէպ ճնշումներու մասին․ «Ասում են՝ Փաշինեանը դատաւորների հետ կապ չի ունեցել, ստացւում է, որ մենք էինք ճնշում դատաւորներին, շրջափակում դատարանները, նրանց քննարկումների կանչում ու տարբեր յայտարարութիւններ անում նրանց մասին»,- հեգնած է պատգամաւորը։

Մինասեանը ամփոփած է, որ որեւէ իրաւական չափանիշ դատախազը չի կրնար նշել, որ ինքը գործած է անօրինական կերպով։

 

Ինչի մասին է ընդհանուր դատախազի միջնորդագիրը

Ընդհանուր դատախազի միջնորդագրի համաձայն՝ Արծուիկ Մինասեանին կը նախատեսուի մեղադրանք առաջադրել 2003-ի քրէական օրէնսգիրքի դրոյթներէն մէկով՝ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։

Ըստ փաստաթուղթի՝ Արծուիկ Մինասեանը, 2016-2018-ին զբաղցնելով բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը, տեղեակ եղած է, որ Սէյրան Օհանեանը «Սեւան» ազգային փարքի տարածքին մէջ ապօրինի զաւթած է հողատարածք եւ ինքնակամ շինութիւններ կառուցած։

Միջնորդութեան մէջ նշուած է, որ Մինասեանը, խմբային շահերէ ելլելով, ոչ միայն միջոցներ չէ ձեռնարկած իրաւախախտումները կանխելու եւ հետեւանքները վերացնելու համար, այլեւ հակառակը՝ քօղարկած է Սէյրան Օհանեանի գործողութիւնները եւ ապօրինի գոյքին օրինական տեսք տալու նպատակով քայլեր ձեռնարկած է։

Մասնաւորապէս, ըստ միջնորդագրի, ան ըլլալով նախարար, ու որպէս միջգերատեսչական մրցութային յանձնաժողովի նախագահ, քննարկման դրած է եւ կազմակերպած է հողամասի վարձակալութեան ձեւական մրցոյթ՝ հիմք ընդունելով կեղծ տեղեկութիւններ պարունակող փաստաթուղթեր, թէ իբր հողատարածքը կառուցապատուած չէ։

Այս գործողութիւններու հետեւանքով, ըստ դատախազութեան, խաթարուած է պետական մարմիններու բնականոն գործունէութիւնը, եւ պետութեան պատճառուած է էական վնաս։

Այսպիսով ըստ դատախազի՝ Մինասեանը, զբաղցնելով բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը, տեղեակ եղած է խախտումներու մասին, սակայն «խմբային շահերէ ելլելով» ոչ միայն միջոցներ չէ ձեռնարկած զանոնք վերացնելու ուղղութեամբ, այլեւ ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններու հիման վրայ ապահոված է յատուկ պահպանուող տարածքին մէջ կառուցապատման իրաւունքի տրամադրումը Սէյրան Օհանյանի հետ փոխկապակցուած անձին։