image

ԹՈՒՄՕի Ուրուկուէյի կեդրոնի հիմնարկէքին ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Եամանտու Օրսի

ԹՈՒՄՕի Ուրուկուէյի կեդրոնի հիմնարկէքին ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Եամանտու Օրսի

Ուրուկուէյի Carrasco միջազգային օդակայանի շրջափակին մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը։

Ներկայ եղած են Ուրուկուէյի նախագահ Եամանտու Օրսի, նախարարներ, Ceibal կրթական նորարարական կեդրոնի տնօրէն Ֆիորելլա Խայիմ, Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Ուրուկուէյի նախագահը, Corporacion America Airports ընկերութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէկեան եւ Ceibal-ի տնօրէնը:

ԹՈՒՄՕ կեդրոնը Ուրուկուէյի մէջ պիտի բացուի 2026ին, Carrasco օդակայանի յարակից տարածքին մէջ:

Նախագիծը կը գործադրուի Corporacion America Airports-ի եւ Ceibal-ի գործակցութեամբ: