image

«Ձիրքեր յանուն Խաղաղութեան». Մասնակիցներու մէջ են նաեւ հալէպահայ Յարութ եւ Ռիթա (Տեսանիւթ)

«Ձիրքեր յանուն Խաղաղութեան». Մասնակիցներու մէջ են նաեւ հալէպահայ Յարութ եւ Ռիթա (Տեսանիւթ)

Հալէպահայ երիտասարդներ Յարութ Տէր Սարգիսեան եւ Ռիթա Պասմաճեան մասնակցած են «Ձիրքեր յանուն Խաղաղութեան» մրցումին, որ կազմակերպուած է «Տոն Պոսքօ- Սալիզեաններ Միջին Արեւելքի մէջ» կրօնական կազմակերպութեան կողմէ:

Մրցումին կրնան մասնակցիլ տարբեր՝ գծագրութեան, երգի, ասմունքի, պարի եւ այլ ձիրքերու տէր սկզբնակ երիտասարդներ:

Յարութ Տէր Սարգիսեան եւ Ռիթա Պասմաճեան այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պարային ներկայացում-տեսագրութեամբ մը, որ կատարած են պատերազմի հետեւանքով փլատակ դարձած բաց միջավայրի մէջ:

Բոլոր մասնակիցներու նիւթերը կը հրապարակուին կազմակերպութեան ֆէյսպուքեան էջին` https://www.facebook.com/sdbmor/:

Յաղթողի ընտրութեան համար նկատի պիտի առնուին մրցումի պաշտօնական էջին վրայ (եւ ոչ թէ կիսուած (շէյր եղած) էջերուն) թողարկուած նիւթի (նկար-Վիտէօ) հաւաքած հաւանութիւններու (Լայք) քանակը,  մասնագէտներու կարծիքները եւ թէ որքանով ներկայացուած նիւթը կը մարմնաւորէ մրցումի թեման, որ խաղաղութիւնն է:

Քուէարկումը սկսած է երէկ 10 մայիսին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ  20 մայիս 2017: Քուէարկութեան արդիւնքները եւ յաղթողներու անունները պիտի յայտարարուին 24 մայիսին: