Բոլոր մարզական խաղերուն ներկայ էինք դաշտ, բոլոր խումբերուն խաղերը կը դիտէինք անխտիր, ինչպէս՝ «Ալնահտա», «Ալհիքմէ», «Շապիպէթ ալմազրաա», «Րէյսինկ քլապ»: Իսկ պասքէթի՝ «Պէ պէ տէ», «Է էն պէ»: Մուտք կը գործէինք դաշտ անվճառ, կամ պատերէն ցատկելով, կամ ալ խնդրելով մեծ տղոցմէ, որ ընկերակցէինք իրենց: Անշուշտ ՀՄԸՄ-ի մեծ համակիր էինք եւ օրին մեզի համար շատ լուրջ նիւթ եղաւ երբ ՀՄԸՄ-ի լաւ մարզիկներ ձգեցին խումբը եւ նոր խումբ մը կազմեցին «Բագրամեան» անունին տակ: Ասոնց մէջ կային՝ Հաճի Հայկ, Կարմիրեան, եւ կոլար (բերդապահ) Գէորգ: Այս նիւթը վիճաբանութիւն կը յառաջացնէր յաճախ մեր շրջանակներուն մէջ: ՀՄԸՄ-ին հաւատարիմ մնացին բերդապահ Տիգրանը, Վարդիվարը եւ Եղիշէ Մանուկեանը:
Մեր թաղը լողորդներ ալ կային, թէեւ ՀՄԸՄ-ական չէին բայց անոնք պատիւ կը բերէին հայութեան եւ քաջալերանքի արժանի էին, ինչպէս՝ Ժան Տէրտէրեանը, Սալիպեանը Եւ Աթալեանը: Ես ալ շատ կը սիրէի լողալ եւ հետերնին կը մարզուէի:
Օր մը, երբ ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ «Է էն պէ»-ի աղջիկները կը խաղային, մեր խանդավառութիւնը շատ բարձր էր եւ խօսք զարկինք իրենց, իսկոյն Մէլիքին տղան՝ Սարհատը բարկացած մեզ դուրս շպրտեց դաշտէն: Դուրս ելանք եւ պահուըտեցանք եւ երբ Սարհատը դուրս եկաւ դաշտէն, լաւ մը ծեծեցինք զինք: Անշուշտ ան մեծ հարց ըրաւ այս եւ արժանապատւութիւնը վիրաւորուած բողոքեց մեզ կոմիտէութեան, որ տեղւոյն վրայ մեզ պատժեց կախակայելով, Ֆրանսուա Չաթալեան, Պետրոս Գապէնճեան, եւ ուրիշներ: Թէեւ բոլորն ալ լաւ տղաք էին բայց բոլորս ալ պատժուեցանք:
Դպրոցը երբ պատժուէինք բնաւ չէինք նեղուեր, եթէ ոստիկանութիւնը բռնէր բանտ դնէր դարձեալ հարց չէր, բայց կուսակցութենէն պատժուիլը ուրիշ բան էր, շատ մեծ բան էր: Նեղուեցանք, որովհետեւ միայն դաւաճանները կը պատժուէին:
6-րդ դասարան էի եւ օր մը, Մայիս 28-ին, մի քանի պատանիներով որոշեցինք մեր դպրոցը՝ «Հայ Աւետարանական Գոլէճ»-ը գոցել, եւ այսպէս, այս պատճառով ու նաեւ շատ չար ըլլալուս համար, տնօրէնը մօրս կանչեց եւ թելադրեց զիս արհեստի դնել, որովհետեւ դպրոցին խէր չունէի:
Նաթալի Քէնտիրճեան
(շար. 3)