Լիբանանահայ շրջանակներուն մէջ աշխատասէր եւ իր գործին նուիրուած հայ մարդու համբաւ շահած Յովսէփ Խաչերեան եղբայրն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի։
Մեր ունեցած տուեալներով Սրբազան Հայրն արդէն իսկ հասած է Պէյրութ՝ Լիբանան, մասնակցելու համար իր սիրելի եղբօր վերջին հրաժեշտի արարողութեանց, որ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։
Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալիը բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի Կիլիկեան Աթոռի կարող եւ յարգելի միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին։
Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յովսէփ Խաչերեանը։
Վերջին տարիներուն հանգուցեալը ունեցած էր ծանր հիւանդութիւն, որուն հետեւանքով յաւերժին մէջ փակեց իր աչքերը։
Կեանքի առաջին տարիներէն ասպարէզ նետուած Յովսէփ Խաչերեանը շինարարական գործերով հանդէս եկաւ ու այդ ճամբով ալ կարողացաւ ապահովել իր ընտանիքին ապրուստը։ Որոշ ժամանակ մը գործեց արտերկրի մէջ, իսկ վերջին տարիներուն ան հաստատուած էր Հայաստան՝ Երեւան, մինչեւ ծանրօրէն անհանգստանալը։
Սիրուած հայր եւ նուիրեալ ամուսին էր։ Ան լիբանանահայ շրջանակներուն մէջ աշխատաէր հայու համբաւ շահած Յովսէփ Խաչերեան եղբայրն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի։
Մեր ունեցած տուեալներով Սրբազան Հայրն արդէն իսկ հասած է Պէյրութ՝ Լիբանան, մասնակցելու համար իր սիրելի եղբօր վերջին հրաժեշտի արարողութեանց, որ տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։
Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալիը բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի Կիլիկեան Աթոռի կարող եւ յարգելի միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ին։
Նշենք նաեւ, որ այս տխուր առթիւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մամլոյ դիւանը հրապարակած էր հակիրճ մահագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Խառն ժողովը խոր ցաւով կը գուժէ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի երէց եղբօր՝ Յովսէփ Խաչերեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ, Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պէյրութի մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 30 Յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Անթիլիաս, Լիբանան:
Այս տխուր առիթով, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, հոգեւորականաց դասը, Խնամակալ Մարմինը, ծխական մարմիններն ու Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ այս տխուր առիթով մեկնեցաւ Լիբանան:
Խառն ժողովի տնօրինումով Կիրակի, 29 Յունիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի, «Տէր Ողորմիա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի հանգուցեալի յիշատակին:
Յովսէփ Խաչերեանի մահը կը սգան Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հանգուցեալի կրտսեր եղբայրը, այրին, զաւակները, ընտանեկան պարագաները, հարազատներն ու բարեկամները:
Թող Ամենակալն Աստուած երկինքի արքայութեան արժանացնէ եւ յաւիտենական հանգիստ շնորհէ հանգուցեալի հոգւոյն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Մահագրութիւնը համադրեց՝ «Արեւելք»ը