Փաշինեանը Հայաստանի մէջ ըրաւ այն, ինչ ես չըրի 2011-2012 թուականներուն՝ ան ձերբակալեց հայ «Իւանիշվիլին»` Կարապետեանը: Այս մասին գրած է Վրաստանի նախկին նախագահ Միխեիլ Սաակաշվիլին:
«Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցողը Ռուսիոյ թուլացման ուղղակի հետեւանք է Ուքրանիոյ մէջ։
Անյաջող պատերազմէն ետք Փաշինեանը Հայաստանի մէջ ըրաւ այն, ինչ ես չըրի 2011-2012 թուականներուն՝ գերեվարելով հայազգի «Իւանիշվիլին»՝ միլիառատէր Կարապետյանը»,-գրած է Սաակաշվիլին, նկատի ունենալով այն իրավիճակը, երբ միլիառատէր Պիձինա Իւանիշվիլին, որ կարողութիւն ձեռք բերած էր Ռուսիոյ մէջ, քաղաքականութիւն մտաւ իր «Վրացական երազանք» կուսակցութեան հետ՝ Սահակաշվիլիի կուսակցութիւնը հեռացնելով իշխանութենէն։
«Փաշինեանը պաշտօնապէս ստանձներ է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութիւնը։ Պաքուն սկսեր է համագործակցիլ ՆԱԹՕ-ի հետ, Ատրպէյճանը Ռուսիան կը համարէ ուղղակի սպառնալիք եւ աշխուժ քայլեր կը ձեռնարկէ իր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային տարածքը ռուսական ազդեցութենէն մաքրելու համար։ Բացի այդ, Ատրպէյճանն ու Հայաստանը սկսեր են մերձենալ, որ ծանր հարուած է Ռուսիոյ»,-գրած է ան:
Սաակաշվիլին նշած է, որ Վրաստանի համար աշխարհաքաղաքական գործընթացները շատ կ՚օգնեն երկրին եւ պէտք չէ ժամանակ վատնել:
«Առաջնորդութեան պակասի պարագային ինքնակազմակերպումը միակ ճիշդ լուծումն է»,-գրած է ան: