Օրերս, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Ուինծըր քաղաքի «Ռուբէն» կոմիտէին, Հայ կեդրոնի անունով տեղի ունեցած է համաժողովրդային ճաշկերոյթ-հաւաք, որուն նպատակն էր մէկտեղել գաղութի բոլոր հայութիւնը, կրկին թափ տալու յարաբերութեանց սերտացման եւ կապ մը ստեղծելով սատարել հայապահպանման կարեւորագոյն առաքելութեան:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝ «Հորիզոն»էն։
Ստորեւ հրապակարակուած թղթակցութիւնը՝
Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Ուինծըր քաղաքի «Ռուբէն» կոմիտէին, Հայ կեդրոնի անունով տեղի ունեցաւ համաժողովրդային ճաշկերոյթ-հաւաք, որուն նպատակն էր մէկտեղել գաղութի բոլոր հայութիւնը, կրկին թափ տալու յարաբերութեանց սերտացման եւ կապ մը ստեղծելով սատարել հայապահպանման կարեւորագոյն առաքելութեան:
Ակնկալութիւնները մեծ էին, տարուած էր համապատասխան աշխատանք, տեղեկացուած էին նաեւ մօտակայ շրջանի գաղութներու հայորդիները: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի շրջանի ներկայացուցիչ Սարգիս Գօսէեան ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, բարի գալուստի մաղթանքով: Հրաւիրուած էր Գեմպրիճէն ազգային-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Ճորճ Գալայճեան, որ իր կարգին շէնցուց ու ճոխացուց հաւաքի մթնոլորտը:
Նմանօրինակ հաւաքներու կարիքը կը զգանք ամէնուրեք: Շնորհիւ տարուած տքնաջան աշխատանքին, ներկայ գտնուեցան հարիւրէ աւելի մասնակիցներ եւ հիւրեր, որոնց դէմքերուն վրայ կարելի էր նշմարել ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որովհետեւ անոնք կարօտ էին հայկական նման ջերմ մթնոլորտի:
Որպէս ճաշկերոյթի մասնակից, խօսքս ուղղելով բոլոր պատասխանատու անհատներուն, ըսելու համար, թէ բոլորս ամէնուրեք շատ բան ունինք ընելիք: Կը հաւատանք, որ մեր հաւաքական շահին ձգտող նման աշխատանքներ մեծապէս պիտի ծառայեն Ուինծըրի գաղութի վերաշխուժացման եւ նոր հայ կեդրոնով օժտման:
23 Յունիս 2025
թղթակից