image

Գահիրէ. Մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան՝ 28 Մայիսի եւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 135-ամեակը (Լուսանկարներ)

Գահիրէ. Մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան՝ 28 Մայիսի եւ ՀՅԴ-ի  հիմնադրութեան 135-ամեակը (Լուսանկարներ)

Գահիրէի մէջ մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան 107-րդ եւ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-րդ ամեակները: 

Տօնակատարութեան ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ  Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, քահանայ հայրեր, հոգեւոր պետեր, թեմական եւ քաղաքական ժողովներու ատենապետներն ու անդամները, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութեանց եւ  ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ Արարատի, Հայ Կարիքի Խաչի, «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան եւ ՀՅԴ կուսակցութեան առանձնակի մարմնի անդամներ,  ինչպէս նաեւ եգիպտահայ համայնքի մարզական եւ մշակութային  այլ միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչներ,  համակիրներ եւ հոծ բազմութիւն մը։ 

Ձեռնարկին բացումը կատարելու համար հրաւիրուած է Եգիպտոսի ՀՅԴ կազմի ատենապետ   Ընկ. Տօքթ.Արմէն Մազլումեան: Մազլումեան ողջունեց ներկաները ապա անդրադառնալով օրուան խորհուրդին  մասնաւորապէս ըսաւ.- «Ամբողջ հայ ժողովուրդի միացեալ ճիգով հայը հասաւ համաժողովրդային յաղթանակի: 1918-1920-ականներուն Դաշնակցութիւնը  կեդրոնական դեր խաղցաւ Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան գործին մէջ: Չնայած կարճ տեւողութեան Առաջին հանրապետութիւնը դարձաւ հայկական ինքնիշանութեան զարկերակը: Բայց մեր պայքարը չաւարտեցաւ 1920-ին: ՀՅԴ-ն ազգային ինքնութեան ջահը պահեց սփիւռքի մէջ հիմնելով դպրոցներ, թերթեր, կազմակերպութիւններ եւ ազգային շունչով դաստիարակեց երիտասարդութիւնը պահպանելով լեզուն, հաւատքը, պատմութիւնն ու ազգային ոգին, որ դրսեւորուեցաւ աւելի ուշ Արցախի ազատագրութեամբ:

Այսօր մենք կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ, նոր աշխարհակարգ կը ձեւաւորուի ամբողջ տարաշրջանի մէջ: Թշնամին կ'աշխատի ջնջել մեր պատմութիւնը, բաժնել մեր ժողովուրդը եւ քանդել այն սիւները, որոնք կը պահեն մեր ինքնութիւնը, լեզուն, եկեղեցին, մեր հողերը եւ ինքնիշխանութիւնը: Պէտք է զգաստ ըլլանք եւ գործօն: Հայրենիքին պէտք չեն միայն յիշողութիւնը: Մեր գործով, բազուկներով, սփիւռքի եւ հայրենիքի համատեղ ջանքերով կարելի է դիմագրաւել ամենադժուար մարտահրաւէրները:

Եկէք տօնենք Հայաստանի անկախութեան 107 ամեակը ոչ որպէս հեռաւոր փառքի արձագանգ, այլ որպէս կենդանի հրաւէր: Եկէք նշենք Դաշնակցութեան 135 ամեակը ոչ որպէս կուսակցութեան պատմութեան, այլ որպէս ազգային փրկութեան ճամբայ Հայաստանի Եւ Արցախի համար:»

 Ընկ. Տօքթ. Մազլումեանի խօսքէն ետք հրաւիրուեցան Անուշ Թորիկեան եւ Կրեթթա էսմէրեան ասմունքելու Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» քերթուածը:

Ապա ներկաները հետեւեցան Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան նուիրուած վաւերագրական տեսաերիզ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Սիմոն Վրացեանի ձայնով, ուր   նուիրեալ  Դաշնակցական   եւ պետական    լրջախոհ    նախկին վարչապետ  Վրացեան կը պատմէր իր յուշերը:  

 Ապա  բեմ հրաւիրուեցաւ  այս  առիթին համար Լիբանանէն յատուկ հրաւիրուած  ընկ. Վահրամ Էմմիեանը, որպէսզի փոխանցէ օրուան խորհուրը: 

Բանախօս  ընկերը  իր խօսքը  սկսաւ պատմական ակնարկով մը, ապա խօսեցաւ թէ ինչպէս Հայ ժողովուրդը  Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ 3 տարի անց , վերապրելու իր հազարամեայ կամքին շնորհիւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ գոյութենական ճակատամարտերէ ետք յաղթանակ արձանագրելով, 28 մայիս 1918-ին հռչակած է իր անկախութիւնը,  եւ թէ ինչպէս Հայաստանը հարուածած 1988-ի երկրաշարժէն երկու տարի ետք, հայ ժողովուրդը դարձեալ ժամադրուած էր  իր ճակատագրին հետ, այս անգամ՝ Արցախի մէջ։ 

Ան անդրադարձաւ Արցախի դէմ Պաքուի շղթայազերծած յարձակմաւ,  փաստելով,  որ հայ ժողովուրդը հարիւր տարուան ընթացքին 2-րդ անգամն  ըլլալով Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ։  Այս առումով ալ ընկ. Էմմիեան ըսաւ՝«Իրողութիւն մը, որ հետեւանք է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան մթնոլորտին։ Այսուհետեւ պէտք է 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողքին նաեւ աշխատանք տանիլ  Հայոց 2-րդ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, եւ Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը օգտագործել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիոյ կողմէ փոխհատուցման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման կարեւորութիւնը առաւել եւս ընդգծող փաստ: Իրենց  անվտանգութեան դարպասի կորուստով, այսօր վտանգուած  են  նաեւ Հայաստանի  Հանրապետութիւնն ու անոր բնակչութիւնը։ 

Ան խօսեցաւ, թէ ինչպէս Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներն ու հայ պատանդները Պաքուի մէջ կտտանքներու եւ կեղծ ու շինծու դատավարութեան կ'ենթարկուին։ 

Բանախօսը ըսաւ թէ  հարուածը ծանր էր ու ցնցիչ, սակայն ոչինչ աւարտած է։ Ազգերու պատմութիւնը վերիվայրումներով լեցուն է, իսկ քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է, այնտեղ վերջնական արդիւնքներ չկան, այլ յարատեւ ջանք, աշխատանք ու պայքար։ Ո՛չ յաղթանակն է վերջնական, ո՛չ պարտութիւնը։ Այսօր ազգովին կը գտնուինք ծանր ու ոչ նախանձելի կացութեան մը մէջ, որ, սակայն այս բոլորը՝  ժամանակաւոր են։ Մեզմէ հեռու պահենք ամէն վհատութիւն, յուսալքութիւն ու պարտուողականութիւն։ Յիշենք, որ 1915-ի ցեղասպանութենէն եւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք ալ կը գտնուէինք շատ ծանր վիճակի մէջ, սակայն անոնց յաջորդեցին փառապանծ յաղթանակներ։» 

Ապա ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 135-րդ ամեակին ու շեշտեց.-«1919-ի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»-ի գաղափարը՝ իբրեւ նպատակ։ Նոյն Ընդհանուր ժողովը նաեւ բանաձեւեց, որ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը «անբաժան մասն են Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան», եւ նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյին յանձնարարեց «բոլոր քայլերը առնելու Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը միացնելու հանրապետութեան»։

 Բանախօսը իր  խօսքը  եզրափակեց ըսելով՝ «Ինչպէս 70 տարիներ Հայաստանի վերանկախացման հաւատացինք, այսօր ալ կը հաւատանք, որ Հայ ժողովուրդի Արցախ վերադարձը ի վերջոյ պիտի իրագործուի, ուստի այս հաւատքով եւ միջազգային օրէնքով զինուած կը գործենք՝ այդ նպատակի իրագործման համար»։ 

Ապա բեմ  հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ  Սրբազան հայրը փոխանցելու իր պատգամը: 

Առաջնորդ սրբազան հայրը նախ ողջունեց ներկաները ապա անդրադառնալով հայոց պատմութեան ըսաւ թէ հայ ժողովուրդը խաղաղ կեանք քիչ ունեցած է, նոյնիսկ հարիւրամեակներ շարունակ պետականութիւն չէ ունեցած, սակայն «հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց միտքերուն, զգացումններուն մէջ միշտ վառ պահած են հայրենիք ունենալու եւ պահելու գաղափարը,  ու ատոր համար   մղած է ազատագրական պայքար,  ունենալով հերոսական պահեր ու հերոսաներ...։ Նոյնիսկ եթէ պետութիւն չենք ունեցած, սակայն իբրեւ հայ ազգ եւ ժողովուրդ բնակած ենք մեր հայրենի հողին վրայ, պահած ենք ազգային մեր ինքնութիւնը, նկարագիրը, լեզուն, մշակոյթը։»

Սրբազանը  շեշտեց, թէ «հայրենիք ունենալու համար միայն հողը բաւարար չէ։ Այդ հողը պէտք է սահմաններ ունենայ, սահմանները պահելու համար հզօր բանակ պէտք է ունենալ եւ ամէնէն կարեւորը, բանակ ունենալու համար այդ հողին վրայ ապրող հայութիւն պէտք է ունենալ յատկապէս։ Հետեւաբար, սիրելիներ հայրենակիցներ, առանց մեր ներկայութեան, հայու ներկայութեան, բարոյական նկարագիր ունեցող հայ ընտանիքի ներկայութեան, գաղափարակիր հերոսներու ներկայութեան կարելի չէ հայրենիք ունենալ։»

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-րդ եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107-րդ ամեակները ապա ըսաւ .- «Հպարտութեամբ կը շեշտեմ, որ Եգիպտոսի մէջ մեր համայնքը, ժամանակին ունեցած ներքին տարակարծութիւններով հանդերձ, կրցած է համախմբուիլ։ Տարակարծութիւնները չեն կրնար շեղել, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ կը տեսնեմ ազգային մեր բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն այդ համագործակցական աշխատանքը, յատկապէս ազգին միասնականութեան, ինքնութեան պահպանութեան, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերուն մէջ, անկախաբար իրենց գաղափարական մօտեցումներէն, կեդրոնացած են ազգային մեր ինքնութիւնը պահող ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկուն` եկեղեցիին շուրջ եւ անոր միջոցով իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն։

Ան աւարտեց.- «Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը, արցախահայութիւնը` իր բննօրրանը վերադառնալու անկոտրում յոյսով։»

Տօնակատարութեան աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ ներկաները զրուցելով եւ կարծիքներ փոխանակելով ազգային եւ քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ գնահատելով ձեռնարկի կազմակերպիչները հեռացան սրահէն»։

 

Թղթակցութիւնը՝  «Արեւելք»ի