image

Նորահաս սերունդի մասնակցութիւնը վառ ապագայի գրաւական. Աշակերտներու շրջայցը «ԶՊՄԿ»ի գործարան

Նորահաս սերունդի մասնակցութիւնը վառ ապագայի գրաւական. Աշակերտներու շրջայցը «ԶՊՄԿ»ի գործարան

Նորահաս սերունդը կարեւորագոյն գործընթացներու մասին իրազեկելը ուղենշային ոճ պէտք է դառնայ Հայաստանի մէջ։

Շատ կը խօսինք նորահաս սերունդներու կարեւորութեան, այդ սերունդէն մեր ակնկալիքներուն ու նաեւ մեր ժողովուրդի «Վաղուան օր»ը այդ սերունդներուն վստահելու մասին։

Եթէ հաշուի առնենք այսօրուան մարտահրաւէրները, մեր երկրին առջեւ ցցուած հիմնահարցերը ու այդ առումով ալ լուծումներ որոնելու թելադրողականութիւնը, ապա անպայման պիտի ուզենք հաստատել, որ այսօր մեր առջեւ առկայ հիմնահարցերը արժանի են, ոչ միայն արդիականութեամբ խմորուած լուծումներու, այլ այնպիսի «բանալի»ներու, որոնք պիտի խօսին այսօրուան լեզուով։

 Անցեալի փուլէն կախեալ մնալու բարդոյթը,  եղած մեծ սխալներէն «կառչած» մնալու հիւանդագին երեւոյթը ու ամենակարեւորը նոր հասնողներու, նոր սերունդներու տեղ ու դեր չտալու ժխտական գիծը մեզ կը դնեն միայն ու միայն  «սառուցեալ» եւ ամէն նորութիւն կտրականապէս մերժող իրականութեան մը առջեւ եւ այդ վիճակը անշուշտ պիտի արգելակէ մեր բնական աճը, ընթացքը եւ տեսլականը։

Միւս կողմէ շատեր կը խօսին տեսլականի պակասի մը մասին, որն այսօր տարբեր առումներով տիրական կը դառնայ Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերուն մէջ։

Հոս է նաեւ, որ առիթ պիտի տրուի նորերուն, որ միանան ընդհանուր գործին, նորոգելու համար հինը եւ այդ «հին» համարուբղ փորձառութեան մէջ աւելցնելու նորը, բայց ամենակարեւորը իրենց նորը։ Նորութիւն մը, արդիականութիւն մը, որ ամէնէն աւելին ագուցուած պիտի ըլլայ  «հին»ի փորձառութիւնէն օգտուելու վճռակամութեամբ։

Հինը ի հարկէ միայն բառ չէ, ապրուած փորձառութիւն մը չէ միայն, այլ նաեւ ապրում է, կեանք է եւ կենսագրութիւն ու հոս կը կայանայ այն հիմնարար «գաղտնիք»ը, որ պիտի շաղկապէ իրենց փորձառութեան աւարտին մասին խօսող աւագ սերունդներու անդամները, նոր ծիլ տուող եւ նորարար կամք ունեցող երիտասարդութեան հետ։

 Խորքային «պսակում» մը պիտի ըլլայ այդ մէկը ու այս պարագային, կենսական պիտի չըլլայ անպայմանօրէն հինը հիմնայատակ կերպով քանդելու դրուածքը, այլ անկէ անդին երթալով այդ հին քարին, հին կառոյցին ու հին համարուող շէնքին վրայ նոր քար մը, նոր  աղիւս մը, եւ նոր փորձառութիւն մը աւելցնելու էականութիւնը։

Ի վերջոյ Հայաստան աշխարհէն հազարաւոր մղոններ հեռու գոյացած մեր արուեստը, մշակոյթը, բայց մանաւանդ գիրն ու գրականութիւնը նոր ծաղկում մը ապրեցան, նոր ցատք մը ունեցան միայն այն պարագային, երբ Արեւելեան կամ Արեւմտեան Հայաստանի ամենախուլ շէներու երիտասարդները մէկիկ-մէկիկ »թռիչք» կատարեցին դէպի հեռաւոր ափեր, ու իրենց ձեռքերով «Լուսէ կանթեղներ» առնելով նորէն ու դարձեալ վերադարձան դէպի հայրենի շէներ։

Ի հարկէ այդ բոլորին առընթեր եղան սխալներ ու վրիպումներ, բայց վերանորոգուելու կամքը, ու ընթացքներուն նոր սկիզբ մը տալու «վճիռ»ը բարեփոխեցին եւ հիմնապէս բարեշրջեցին մեր կեանքն ու տեսլականը։

Մեր  օրերուն անցեալ դարու դժուարութիւնները չկան։ Ժամանակները փոխուած են ու հարկ ալ չկայ հեռուները երթալու «նոր լոյս» մը բերելու համար։ 

 Ամէն բան մեր դիմացն է, կը մնայ ճիշդ ընտրել թիրախները եւ անվտանգ աշխատանք տանիլ հինի ու նորի փորձն ու փորձառութիւնը իրար կապելու համար։ 

 

Դպրոցականներու կրթական-ճանաչողական այցերը նպաստող գործօն

Ի դէպ այս բոլորին մասին խօսելէ ետք հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ այսօր Հայաստանի մէջ յաջողութեան հասած հազուագիւտ ոլորտներէն է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը, որուն մէջ կարեւորագոյն դեր ու տեղ ունին անցեալէն եկած փորձառութիւնները, իրենց հաւաստի եւ վստահելի ձեռքերով ու նաեւ համեմատաբար աւելի նոր ու թարմ  մասնակիցները, որոնք կերպով մըն ալ անմիջական կամուրջ պիտի դառնան այդ «հիներ»ուն ու բոլորովին նոր անուններուն միջեւ։

Ու այս տեսակէտէն դիտուած կարեւոր եւ կեդրոնական աշխատանք կը տանի «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը, որուն աճի ու յաջողութեան օրակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղ տրուած է ոլորտի հանրայնացման ընդհանուր գրաւականին։

 Այդ ծանոթացում-ներկայացում գործառոյթին մէջ կարեւորագոյն տեղ պէտք է շնորհուի նորահաս սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս մօտէն ծանօթանան Հայաստանի տնտեսութեան համար ամենակենսական եւ առողջ ոլորտ հանդիսացող հանգարդիւնաբերութեան ոլորտին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հանրութեան կը ներկայացնենք օրերս կայացած եւ ուսուցողական բնոյթ կրող այցելութիւն- ծանոթացում ընդհանուր օրակարգին մէջ մտնող իրականութիւն դարձած այցելութիւն մը, որ վստահօրէն պիտի հանդիսանայ իսկական խթան յառաջիկային սպասուելիք դրական տեղաշարժերուն եւ ի մասնաւորի այս բոլորին մէջ նորահաս սերունդի անդամները ներգրաւելու իսկական եւ բոլոր առումներով դրական գործընթացներուն։

 Նորահաս սերունդը դրական օղակ մըն է մեր երկրին համար եւ այդ օղակը պէտք է մասնակից դառնայ բոլոր տեսակի առաջընթացներուն  մէջ։

 Վերջերս «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի (ԶՊՄԿ) գործարանի հիւրերը եղած են Արծուանիկ եւ Լեռնաձոր շրջանի դպրոցականներն ու ուսուցիչները:

Ծրագրուած շրջայցի ընթացքին հիւրերը ծանօթացած են արտադրական գործընթացին։ Ծովու մակարդակէն 2200 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող դիտակէտը գործարան այցելած հիւրերը մշտապէս կը տպաւորէ:

Արծուանիկցի դպրոցականները տարրագիտութեան դասի շրջագիծէն ներս սեփական ուսումնասիրութիւններ կատարած են. հողի փորձանմուշներ վերցուցած են պոչամբար (հանքի շահագործումէն ետք դուրս եկած ոչ արդիւնաւէտ մետաղներու դուրս բերման ուղիները) եւ Կապանի տարբեր հատուածներէն եւ որոշած մետաղներու պարունակութիւնը։

ԶՊՄԿ այցելութեան յաջորդ օրը, Ընկերութեան բնապահպանութեան բաժնի աշխատակիցներու օգնութեամբ Արծուանիկի մէջ աշակերտները ծառատունկ իրականացուցած են։

Լեռնաձորցի դպրոցականներու ԶՊՄԿ այցելելու մեծ ցանկութիւնը եւս իրականութիւն դարձած է: Եւ ինչպէս շատերուն, անոնց եւս զարմացուցած է անվտանգութեան կանոններու խիստ պահպանումը գործարանի տարածքին մէջ։ Արտադրական շղթայով, հսկայ սարքաւորումներով տպաւորուած, զինուած գործնական գիտելիքներով՝ լեռնաձորցի դպրոցականները հեռացած են գործարանէն՝ ակնկալելով հետագային ծանօթանալ նաեւ ընկերութեան տարրաբանական տարրալուծարանին:

«Անցնում ենք Հայաստանի աշխարհագրութիւն։ Մտածեցինք ճանաչողական այց կազմակերպել, որ աւելի գործնական եւ տպաւորիչ լինի իրենց համար։ Յուսով եմ ՝ այս այցը կ՚օգնի հետագայում իրենց մասնագիտական կողմնորոշման հարցում»,– նշած է Լեռնաձորի հիմական դպրոցի ուսուցչուհի Արմինէ Արզումանեանը։

Ընկերութիւնը կը կարեւորէ կրթական-ճանաչողական այցերը՝ ծանօթացնելու հանրութեան երկրի տնտեսութեան յենասիւն հանդիսացող ոլորտին, ներկայացնելու խնդիրները եւ ձեռքբերումերը, ինչպէս նաեւ կ՚օգնէ ապագայ դիմորդներուն՝ մասնագիտական կողմնորոշման հարցով»։

 

Նիւթը պատրաստեց՝«Արեւելք»ը։ 

Օգտուած ենք  «ԶՊՄԿ»ի հերթական ամսագրի հրապարակումէն