image

«Իրեւանի մէջ պիտի վերականգնենք մեր տաճարները, սրբավայրերը, մզկիթները» Փաշազատէ «կը սպառնայ»

«Իրեւանի մէջ պիտի վերականգնենք մեր տաճարները, սրբավայրերը, մզկիթները» Փաշազատէ   «կը սպառնայ»

Մենք վերջերս վերականգնեցինք «Իրեւանի ղազիաթը» եւ յոյսով ենք, որ մենք պիտի երթանք այդ հողերը, պիտի վերականգնենք մեր տաճարները, սրբավայրերը, մզկիթները եւ թոյլ պիտի տանք մեր կրօնական գործիչներուն գործել այնտեղ։

Այս մասին ըսած է Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ ալ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն։

«Հայ եկեղեցւոյ հետ մեր յարաբերութիւնները տարբեր եղած են մինչեւ մեր «յաղթանակը»,-ըսած է Փաշազատէն:

Յիշեցնենք, որ Բաքուի մէջ յայտարարուած էր, այսպէս կոչուած, «Իրեւանի ղազիաթի» (Իրեւանի շրջանի դատական-վարչական ենթամաս) գործունէութեան վերսկսման մասին։