image

Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի անուղղակի բանակցութիւններն ապարդիւն

Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի անուղղակի բանակցութիւններն  ապարդիւն

Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հրադադարի անուղղակի բանակցութիւնները աւարտած են առանց առաջընթացի, BBC-ին հաղորդած է բանակցութիւններուն ծանօթ պաղեստինցի պաշտօնատար մը։

Անոր համաձայն, բանակցութիւնները տեւած են մօտ երեքուկէս ժամ եւ տեղի ունեցած են Տոհայի մէջ, երկու տարբեր շէնքերու մէջ։ Կողմերուն միջեւ ուղերձներ եւ պարզաբանումներ փոխանակուած են Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ, սակայն որեւէ առաջընթաց արձանագրուած չէ։

«Համաս»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները վերաբերած են 60-օրեայ հրադադարին եւ պատանդներու ազատ արձակման՝ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ մշակուած առաջարկներուն։

«Համաս» յայտարարած է, որ դրական կերպով արձագանգած է հրադադարի վերջին առաջարկին, սակայն յստակ է, որ կողմերուն մէջ տակաւին տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք պէտք է յաղթահարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ որեւէ համաձայնութեան հասնիլ։

Բանակցութիւնները կը կատարուին այն ժամանակ, երբ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մեկնած է Ուաշինկթըն՝ հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ Վերջինս լրագրողներուն ըսած էր, թէ «շատ կոշտ» եղած է Նաթանիահուի նկատմամբ՝ պատերազմը աւարտելու հարցով, եւ աւելցուցած էր, թէ կը կարծէ «այս շաբաթ համաձայնութիւն պիտի ձեռք բերուի»։

Նաթանիահուն ինքն ալ յայտարարած է․ «Մենք կ՚աշխատինք իրականութիւն դարձնելու այն գործարքը, որուն շուրջ քննարկումներ եղած են՝ մեր պայմաններու սահմաններուն մէջ։ Կարծեմ, որ Թրամփի հետ հանդիպումս կրնայ զգալիօրէն նպաստել արդիւնքին»։

«Համաս» կը շարունակէ պնդել իր հիմնական պահանջները, որոնց մէջ է ամբողջական հրադադարի ապահովումը եւ իսրայէլեան զօրքերու դուրս բերումը Կազայի գօտիէն։ Իսրայէլի կառավարութիւնը նախապէս արդէն մերժած է այդ պայմանները։

Մինչ բանակցութիւնները կը շարունակուին, Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը աւելի կը սրի։ Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ պատերազմի սկիզբէն՝ 2023-ի Հոկտեմբեր 7-էն ի վեր, զոհուած է առնուազն 57,338 մարդ։

Իսրայէլի մէջ հասարակական ճնշումը կը բարձրանայ. պատանդներու ընտանիքները եւ հազարաւոր քաղաքացիներ դարձեալ դուրս ելած են փողոց՝ պահանջելով համաձայնութեան հասնիլ եւ վերջ տալ պատերազմին։