image

Իսրայէլ ընթացք տուաւ «Սեւ դրօշակ» գործողուլթեան. Թիրախը Եմէնի հուսիներն են

Իսրայէլ  ընթացք տուաւ «Սեւ դրօշակ» գործողուլթեան. Թիրախը Եմէնի հուսիներն են

Իսրայէլ սկսած է «Սեւ Դրօշ» գործողութիւնը, որու շրջածիրէն ներս ռազմաօդային ուժերը հարուածած է Եմէնի երեք նաւահանգիստներ, ինչպէս նաեւ «Galaxy Leader» բեռնատար նաւը, զոր հուսիները («Անսար Ալլահ» շարժումը) գրաւած էին 2023-ին։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին X հարթակին մէջ գրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։

««Սեւ Դրօշ» գործողութեան ընթացքին Իսրայէլի բանակը աշխուժօրէն յարձակած է Հոտէյտայի, Ալ-Սալիֆի եւ Ռաս Իսայի նաւահանգիստներուն մէջ գտնուող հուսիներու ահաբեկչական ռեժիմի թիրախներու, Ռաս ալ-Քաթիպի ելեկտրակայանին, ինչպէս նաեւ մօտ երկու տարի առաջ հուսիներու կողմէ առեւանգուած «Galaxy Leader» նաւուն վրայ, որ հիմա կ՚օգտագործուի Կարմիր ծովուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն համար», - նշած է ան։

Քացը համեմատած է ստեղծուած իրավիճակը Իսրայէլի կողմէ Իրանին վերջերս հասցուցած հարուածներուն հետ։

«Ինչպէս նախազգուշացուցած էի, Եմէնի ճակատագիրն ալ նոյնն է ինչ Թեհրանինը։ Ամէն ոք, որ կը փորձէ վնասել Իսրայէլը, պիտի վնասուի։ Հուսիները պիտի շարունակեն ծանր գին վճարել իրենց գործողութիւններուն համար», - աւելցուցած է ան։

Իր կարգին, Եմէնի հուսիներու զինուած ուժերու խօսնակ զօրագունդի զօրավար Եահիա Սարին յայտնած է, որ երկրի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը յաջողած են ետ մղել Հոտէյտայի վրայ իսրայէլեան հարուածներուն մեծ մասը։

«Եմէնի հակաօդային պաշտպանութիւնը արդիւնաւէտ կերպով դիմակայեց Իսրայէլի յարձակման եւ ստիպեց անոր ուժերու մեծ մասին նահանջել», - գրած է ան X էջին մէջ։

Ան աւելցուցած է, որ դիմադրութիւնը կատարուած է «տեղական արտադրութեան հրթիռներու մեծ քանակով, որ մեծ շփոթութիւն պատճառած է թշնամի օդաչուներուն»։

Սարին նաեւ նշած է, որ «Եմէնի հակաօդային պաշտպանութիւնը պատրաստ է ամբողջ ուժով եւ կարողութեամբ դիմակայելու երկրի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն»։

Ան աւելցուցած է, որ «Կազայի եւ Պաղեստինի աջակցութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին արագ ընթացքով»։

Al Masirah հեռուստաալիքի համաձայն, իսրայէլեան օդուժը աւելի քան 20 հարուած կատարած է Եմէնի Հոտէյտա քաղաքի ուղղութեամբ։ Հեռուստաալիքը հաստատած է, որ թիրախ դարձած են Ռաս Իսայի, Հոտէյտայի եւ Ալ-Սալիֆի նաւահանգիստները, ինչպէս նաեւ Ռաս ալ-Քաթիպի ելեկտրակայանը։

Յուլիս 6-ի երեկոյեան Իսրայէլի բանակը կոչ ըրած է տարհանելու մարդոց նշուած շրջանէն։