Յարաճուն կամքով եւ ամբողջական նուիրումով հալէպահայ ազգայիններէն՝ Տիար Յակոբ Յակոբեանի քրիստոնէական ուսմունքի Together միութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները։
Օրերս միութիւնը յայտարարածէ համագործակցութեան նոր մեկնարկի մը մասին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցպոյ հետ։
«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ ատոր մասին ցանցի վրայ երեւցած հակիրճ գրութիւնը։
Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ, համագործակցական նախաձեռնութիւն մը իրականացաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եւ Նահատակաց եկեղեցիներու Ամառնային Ս. Գրոց Վարժարաններու առաջնորդներուն համար։
Այս առիթով, «together» հաստատութեան Սուրիոյ բաժինի պատասխանատու Տիար Յակոբ Յակոբեան, կազմակերպութեան կողմէն փոխանցեց նուէրներ՝ ի նշան գնահատանքի, միաժամանակ ընդգծելով միացեալ ջանքերուն ուժը։
Վերապատուելի Սելիմեան իր գնահատանքը արտայայտեց Ամառնային Ս. Գրոց Վարժարաններու ուսուցիչներուն՝ իրենց հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց «together» հաստատութեան նուիրեալ աշխատանքը։ Ան մաղթեց յաջողութիւն ծրագիրներու շարունակութեան մէջ՝ շեշտելով նման համագործակցութիւններու կարեւոր դերը այս բարդ ժամանակներուն։