Վերախմբագրելով իր գրառումը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է, թէ ինք մտադիր է լքել քաղաքական կեանքը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Թերթ.ամ» կայքէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ «Նախագահը փոխած է իր նախկին գրառումը եւ հրապարակած «Ողջամիտ ժամկէտում Արցախում կազմակերպուելու են արտահերթ համապետական ընտրութիւններ, որի ժամանակ ես չեմ առաջադրուելու եւ դուրս եմ գալու քաղաքականութիւնից»:
Նախագահի ուղերձի նախնական տարբերակին մէջ իր հրաժարականի մասին Յարութիւնեան գրած էր որ « պատրաստ եմ հրաժարական տալ առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում, երբ Հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին պայմաններու ու սահմանադրական կարգաւորումներու առումով պատրաստ լինի պատշաճօրէն ու արժանապատւօրէն յաղթահարել նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնների ծանր դժուարութիւնները»: