image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ աւանդները իւրացնելու ԵՄ փորձը գnղութիւն չէ, այլ` կnղոպուտ. Ռուսիոյ նախագահ

Ռուսիոյ աւանդները իւրացնելու ԵՄ փորձը գnղութիւն չէ, այլ` կnղոպուտ. Ռուսիոյ նախագահ

Ռուսիոյ աւանդները իւրացնելու Եւրոպական Միութեան փորձը գողութիւն չէ, այլ կողոպուտ է, յայտարարած է Փութինը։

Ինչու չեն յաջողած կատարել այս կողոպուտը, որովհետեւ Եւրոպան պիտի բախի ծանր հետեւանքներու, պիտի մեծցնէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու պարտաւորութիւնները, եւ եթէ Ուքրանիոյ տրամադրուի փոխհատուցման վարկ, այդ ծանրաբեռնուածութիւն պիտի ստեղծէ եւրոպական պիւտճէներու համար, ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ան նշած է, որ ռուսական աւանդներու բռնագրաւումը պիտի խաթարէ շատ երկիրներու վստահութիւնը Եւրոպական գօտիի նկատմամբ։

Մենք պիտի պաշտպանենք մեր շահերը դատարաններուն մէջ։ Մենք պիտի փորձենք գտնել քաղաքական ազդեցութենէն անկախ իրաւասութիւն։ Շուտ թէ ուշ, Եւրոպան ստիպուած պիտի ըլլայ ետ տալ այն, ինչ կը գողնայ Ռուսիոյ աւանդներէն։