Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ օրերս կը գտնուէր Հունգարիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է Հունգարիոյ Hungary Helps բարեսիրական հաստատութեան պետ քարտուղար Տիար Թրիզան Ազպէճի հետ:
Կարեւոր եղելութեան մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
5 Դեկտեմբեր 2025-ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ Հունգարիոյ Hungary Helps բարեսիրական հաստատութեան պետ քարտուղար Տիար Թրիզան Ազպէճի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Պետ քարտուղարը վերահաստատեց Հունգարիոյ կառավարության պատրաստակամութիւնը՝ կանգնելու Սուրիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողքին եւ ամրապնդելու գործակցութիւնը Hungary Helps ծրագիրի շրջանակէն ներս։
Համայնքապետ Վերապատուելին անկեղծ գնահատանք յայտնեց մինչ կատարուած օժանդակութեան համար, շեշտելով, թէ այս աջակցութիւնները գործնական ազդեցութիւն ունեցած են կրթական եւ մարդասիրական ծրագիրներուն ընթացքին։ Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ Սուրիոյ թէժ պայմաններուն մէջ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն տալ կրթութեան, մարդասիրական օգնութեան եւ համայնքային դիմադրողականութեան, ծառայելով բոլորին՝ առանց խտրականութեան։
Պետ քարտուղարը գնահատեց այս առաքելութիւններու լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ հաստատեց Հունգարիոյ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համագործակցութեան զարգացումը:

