Ընթերցումներս (58)
Հայերէնի ոճաբանութեան ծիրէն ներս մինչեւ հիմա տեսանք՝
--Աւելորդաբանութիւնը,
--Կրկնաբանութիւնը,
--Սակաւաբանութիւնը:
--Չափազանցութիւնը:
--Սաստկաբանութիւնը:
Այսու կը սկսինք նոր գլուխ մը՝ անհամասեռութիւնը:
* * *
Անհամասեռութիւն (ա)
Անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար մենք պարտինք նախ գաղափար մը ունենալ «նախադասութեան բազմակի անդամ» հասկացութեան շուրջ, որուն անծանօթ է արեւմտահայը:
Յաճախ կը պատահի, որ նախադասության միևնույն անդամը կրկնուի: Այս բանը տեղի կ’ունենայ կա՛մ ոճական նկատառումով, կա՛մ խօսողը կը ցանկայ ներկայացնել եղելության առավել ճշմարիտ, համակողմանի պատկերը` ընդգծելով միևնույն նախադասության մեջ գործողություն կատարողներու, գործողություններու, անոնց այլազան յատկանիշերու բազմակիությունը։ Միևնույն շարահյուսական պաշտոնը կատարող երկու և ավելի անդամները կը կոչուին նախադասության բազմակի անդամներ:
Օրինակ՝
--Դաշտ ու այգի դեղին հագան:
--Ծառ ու ծաղիկ մերկացան:
Այս օրինակներուն մէջ բազմակի են՝ դաշտ ու այգի ենթակաները՝ հագան բային, ինչպէս նաեւ ծառ ու ծաղիկ ենթակաները՝ մերկացան բային:
--Հովիւը արածելու տարաւ ոչխարներն ու գառնուկները:
Այս օրինակին մէջ բազմակի են ոչխարներն ու գառնուկները, որոնք ուղիղ խնդիրներն են տարաւ բային:
--Ներկայացումը պիտի կրկնուի Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են Երեւանի(մէջ), Գիւմրիի(մէջ), Վանաձորի(մէջ), որոնք տեղի պարագաներն են պիտի կրկնուի բային:
--Սիրելի՛ տղաք եւ աղջիկներ, այսօր պիտի սերտենք Զոհրապի մէկ անծանօթ մնացած գրութիւնը:
Այս օրինակի բազմակի անդամներն են տղաք եւ աղջիկներ կոչականները:
Բազմակի անդամները կը կոչուին նաեւ համադաս անդամներ:
Ուրեմն բազմակի եւ համադաս հոմանիշ են:
* * *
Ոճաբանութիւնը կը պահանջէ, որ բազմակի անդամները ունենան ներդաշ-նակ, համանման կառոյցներ. ահա այս ներդաշնակութիւնը կամ համանմանու-
թիւնը կը կոչուի համասեռութիւն: Իսկ այդ ներդաշնակութեան կամ համանմա-նութեան բացակայութիւնը կը կոչուի անհամասեռութիւն: Օրինակ՝
--Սեղանին վրայ դրուած էին ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ:
Բազմակի անդամներն են՝ ֆրանսական գինի, յունական պանիր եւ լիբանանեան ապուխտ բառակապակցութիւն ենթակաները:
Այս բառակապակցութիւնները համասեռ են, քանի հաւասարապէս յիշուած է իւրաքանչիւրին ծագումը՝ ֆրանսական, յունական, լիբանանեան:
--Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխատիլ:
Բազմակի անդամներն են՝ կանուխ արթաննալ, ժուժկալ ուտել, աշխատիլ բացայայտիչները:
Ընդ որում՝ առաջին երկուքը՝ արթննալ եւ ուտել, ունին իրենց լրացումները, իսկ աշխատիլ-ը ոչ մէկ լրացում ունի:
Ուրեմն անհամասեռ բազմակի անդամներ են ասոնք:
Կարելի է անհամասեռութիւնը դարմանել այլազան պատշաճ լրացումներ տալով աշխատիլ բային. օրինակ՝
--կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, աշխուժ աշխատիլ:
--կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անտրտունջ աշխատիլ:
--կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել, անձնուէր աշխատիլ:
Բերուած երեք օրինակները հաւասարապէս համասեռ են. կարելի է տակաւին աւելցնել համասեռ օրինակներու թիւը:
* * *
Եթէ ուշադիր կարդանք բերուած համասեռ օրինակները, ապա պիտի նկատենք որոշ ներդաշնակութիւն մը արթննալ, ուտել եւ աշխատիլ բազմակի անդամներուն միջեւ. ասոնք կը կազմեն իրարու յաջորդող գործողութիւններու տրամաբանական ու ներդաշնակ շղթայ մը: Այդ ներդաշնակութիւնը պիտի խախտէր, եթէ, օրինակի համար, ըսէինք՝
--Ան բոլորին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ դրացիներուն հետ չկռուիլ:
«Դրացիներուն հետ չկռուիլ» բառակապակցութեան իմաստը չի ներդաշնակիր առաջին երկուքին հետ. սա բոլորովին այլ կարգի թելադրանք մըն է, որ համատեելի չէ առաջին երկուքին հետ: Նման խրատը կամ թելադրանքը կարելի չէ կցել կանուխ արթննալուն եւ ժուժկալ ուտելուն հետ:
Իսկ եթէ կ’ուզենք ա՛նպայման անոր այդ թելադրանքին տեղ տալ մեր խօսքին մէջ, ապա տարբեր կառոյց պիտի ունենայ մեր խօսքը. օրինակ՝
--Ան բոլորոին կու տար նոյն խրատը՝ կանուխ արթննալ, ժուժկալ ուտել եւ աշխուժ աշխատիլ: Անոր տուած մէկ այլ խրատն ալ հետեւեալն էր՝ չկռուիլ դրացիներուն հետ:
Այսպէսով ունեցանք երկու տարբեր նախադասութիւններ, որոնք բոլորը հաւասարապէս կ’ամփոփեն «անոր սիրած խրատները»:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com