image
Հրատապ լուրեր:

Արայիկ Յարութիւնեան մտադիր է հեռանալ քաղաքական կեանքէն

Արայիկ Յարութիւնեան մտադիր է  հեռանալ քաղաքական կեանքէն

Վերախմբագրելով իր գրառումը Արցախի  նախագահ  Արայիկ Յարութիւնեան  ըսած է, թէ  ինք մտադիր է լքել  քաղաքական կեանքը։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ «Թերթ.ամ» կայքէն։

Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ  «Նախագահը  փոխած է իր նախկին գրառումը եւ հրապարակած «Ողջամիտ ժամկէտում Արցախում կազմակերպուելու են արտահերթ համապետական ընտրութիւններ, որի ժամանակ ես չեմ առաջադրուելու եւ դուրս եմ գալու քաղաքականութիւնից»:

Նախագահի ուղերձի նախնական տարբերակին մէջ իր հրաժարականի մասին Յարութիւնեան գրած էր որ « պատրաստ եմ հրաժարական տալ առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում, երբ Հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին պայմաններու ու սահմանադրական կարգաւորումներու առումով պատրաստ լինի պատշաճօրէն ու արժանապատւօրէն յաղթահարել նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնների ծանր դժուարութիւնները»: