image
Հրատապ լուրեր:

Մեր եկեղեցին միայն «Հարուստներու տուն»ը պիտի չըլլայ... Լիմասոլի վառ օրինակով

Մեր եկեղեցին միայն «Հարուստներու տուն»ը պիտի չըլլայ... Լիմասոլի վառ օրինակով

Սագօ Արեան  լրագրողի էջ-էն կը կարդանք ՝

Օրերս այս մտածումները ունեցայ դիտելէ ետք Կիպրոս քաղցր կղզիի  Լիմասոլ քաղաքի՝ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղցւոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շուրջ ձեւաւորուած թարմ մթնոլորտը։ 

Խօսքը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան ընթացքին այդ քաղաքին մէջ ըլլալու եւ եկեղեցւոյ մէջ  առ Աստուած  աղօթք  կատարելու մասին էր, որուն նախորդած էր բաւականին  եռանդուն աշխատանք։

Այդ աշխատանքները կատարած էին  փոքրիկ այդ քաղաքի նուիրեալ հայ երիտասարդները, որոնք  գործ ու բան թողած  հասած վազած էին եկեղեցի եւ զուտ անհատական միջոցներով վերանորոգումներ ու բարեզարդումներ կատարած էին եկեղեցիին  մէջ ու շուրջ։

Ու այս բոլորն անշուշտ կը կատարուէին  նեցուկովը ու քաջալերութեամբ տեղի հոգեւոր հովիւին։

Կուգայի՞ն այդ երիտասրդները, կը յաճախէի՞ն եկեղեցի, այո հաւանաբար, բայց մղիչ ուժը, եռանդը եւ օրինակը պիտի դառնար ու կը դառնար հոգեւոր հովիւ ՝ Հայր Յովհաննէսը։ 

Անունները կարեւոր են ի հարկէ, բայց ամէնէն կարեւորը նուիրումի օրինակն ու ոգին է, որ ցոյց տուած է  սիրելի Վարդապ ետը, որ դարձած է  այդ փոքրիկ քաղաքին մէջ յոյսի եւ լոյսի օրինակ։

Իրապէս չեմ չափազանցէր ու սրտագին փափաքս է, որ մեր եկեղեցիներու բոլոր-բոլոր միաբանները ըլլան օրինակ սիրոյ եւ գորովի։

Միակը չէ Հայր Յովհաննէսը, ի հարկէ կան շատ ու շատ օրինակներ, բայց այս օրերուն Լիմասոլի մէջ տիրող դրական մթնոլորտը ուսանելի է ու նաեւ  պէտք է դառնայ վարակիչ։

Բոլորին ու յատկապէս Հայր Սուրբին վարձքը կատար։