image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսի խնդիր. Կարեւոր որոշումներ եւ նոր ուղղութեան փուլ. Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի գրառումը

  Կիպրոսի խնդիր. Կարեւոր որոշումներ եւ նոր ուղղութեան փուլ. Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի գրառումը

Կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝

 Կիպրոսի  խնդրով ամէն ինչ կախեալ է երկուստեք փոխ ըմբռնման մէջ: Երկու ղեկավարներն ալ կը պատկանին քաղաքական «նոր» սերունդին, որ մեղսակից կամ դերակատար չեն եղած կղզիի 1960-70-ական թուականներու «մութ» ծալքերուն: Խրիստոտուլիտիս պէտք է հաւասարակշռէ իրեն նեցուկ կանգնող, սակայն այսօր փոքրամասնութիւն եղող քաղաքական ուժերու աւելի կարծր կամ ծայրահեղ դիրքերուն, եւ ընդդիմադիր «լուծումնամէտ» ուժերուն միջեւ, ապահովելու թէ համընդհանուր նեցուկ եւ թէ ալ իր  քաղաքական ապագան: Մինչեւ այսօր ան խուսափած էր Կիպրոսի հարցին մասին ճշգրիտ դիրք առնելէն, պահուըտած Թաթարի ու Անգարայի ծայրահեղ կեցուածքին ետեւ, ինչպէս նաեւ աջ ու ձախ կատարուած անորոշ լոզունքներու եւ յայտարարութիւններու քողին տակ: Այսօր, երբ Էրհիւրման (զինուած 65%+ ջախջախիչ յաղթանակով), երկխօսութեան ձեռք կ’երկարէ, Խրիստոտուլիտիս եւս պարտադրուած է թէ´ տեղական հանրութեան եւ թէ ալ միջազգային հանրութեան առջեւ (իր ընտրութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով) յստակ ուղղութիւն ճշդելու եւ «համոզելու» թէ պատրաստէ երկխօսութեան ընդմէջէն գալիք լուծումին:

Չմոռնանք, թէ 2004-ի եւ 2017-ի լուծման փորձերէն ետք, յունական կողմը  ոչինչ  կորսնցուց, բացի իր «համբաւ»էն, մինչ թրքական կողմը մնաց իր «մեկուսացուած» վիճակին: Այդ է Էրհիւրմանի այսօրուան խաղը. եթէ լուծման գործընթացը չյաջողի, մանաւանդ յոյն կիպրացիներու դիրքերուն պատճառով, թուրք կիպրացիները պահանջելիք ունին միջազգային հանրութենէն` պիտի ուզեն իրենց նկատմամբ միջազգային արգելքներու վերացումը:

Այս բոլորին առընթեր, մեծ դեր ունի խաղալիք տարածաշրջանին վրայ խաղցուող ուժանիւթի եւ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ընթացքները, նաեւ` Թրամփի եւ Եւրոմիութեան միտումները: Հետեւաբար, յառաջիկայ հինգշաբթի կայանալիք առաջին Խրիստոտուլիտիս-Էրհիւրման հանդիպումէն շատ բան կայ ակնկալելիք, որպէս հանգուցալուծող եւ տրամադրութիւնները յստակեցնող քայլ:

Ունի՞ն արդեօք երկու ղեկավարները (ու իրենց ետին կանգնած գերոյժերն ու տարածաշրջանային խաղացողները)   կիպրական  հարցով  դէպի լուծումներու    փուլ  առաջնորդելու կամ ուղորդելու  քաջութիւնը: