Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Թեհրանն ու Պաքուն մտադիր են երկկողմ յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական մակարդակի եւ համատեղ ձեւաւորել փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած անվտանգ ապագայ։ Այս մասին Արաքչին յայտնած է իր ինսթակրամըան էջի միջոցաւ։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իրանի ղեկավարութեան հետ Պաքուի մէջ վերջերս կայացած բանակցութիւնները հաստատած են կողմերու համատեղ յանձնառութիւնը՝ ընդլայնելու գործնական համագործակցութիւնը քաղաքականութեան, տնտեսութեան, փոխադրութեան եւ մարդասիրական հարցերու մէջ։
Արաքչին գրած է, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները շատ աւելին են, քան պարզապէս հարեւանութիւնը: Ատոնք հիմնուած են խոր պատմական եւ մշակութային կապերու վրայ։
Արաքչին ընդգծած է, որ Իրանն ու Ատրպէյճանը կ՚աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան եւ համաձայն են, որ երրորդ կողմերը պէտք չէ խանգարեն կառուցողական երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացմանը։
«Իրանն ու Ատրպէյճանը վճռորոշ են համատեղ ապագայի կառուցման եւ պատուաբեր համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարգանքի վրայ»,- գրած է Արաքչին: