image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռի ԳԽ-ի կազմէն դուրս եկած են Աբրահամ, Գէորգ եւ Վազգէն Սրբազանները. Մայր Աթոռի մամլոյ խօսնակ

Մայր Աթոռի ԳԽ-ի կազմէն դուրս եկած են Աբրահամ, Գէորգ եւ Վազգէն Սրբազանները. Մայր Աթոռի մամլոյ խօսնակ

Վեհափառ Հայրապետն իր առաքելութեան մէջ ամուր է եւ հաստատուն: Մայր Աթոռի բնականոն գործունէութեան առումով որեւէ բան չէ փոխուած, Մայր Աթոռը՝ ի դէմս Վեհափառ Հայրապետի միաբանութեան, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը:

Հարցին՝ տէր Եսային ծանօ՞թ է երէկ, տասը եպիսկոպոսներու կողմէ Վեհափառին փոխանցուած նամակի բովանդակութեան, ան պատասխանած է. 

«Ծանօթ չեմ, բայց կարող եմ ենթադրել մօտաւորապէս այդ նամակի բովանդակութիւնը: Եթէ արձագանգ լինի նամակին՝ պատշաճ կը ներկայացնենք»:

Ան խօսած է նաեւ Մայր Աթոռի գերագոյն խորհուրդի կազմի փոփոխութեան մասին, նշած, որ գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմէն դուրս եկած են Աբրահամ Սրբազանը, Գէորգ Սրբազանը եւ Վազգէն Սրբազանը։ 

«Նրանց փոխարինելու են Մակար Սրբազանը, Վիրահայոց թեմի Սրբազանը՝ Կիրակոս Սրբազանը: Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամներն ընտրւում կամ նշանակւում են կախուած աշխարհագրական դիրքից, նաեւ տուեալ թեմի առաջնորդ լինելու հանգամանքից, այսինքն՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդը Վազգէն Սրբազանն էր եւ այդ կարգավիճակով ինքը գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամ էր, հիմա Կիրակոս Սրբազանն իրեն փոխարինեց»,-ըսած է ան: